Պոլսոյ մէջ մեծ հրդեհ Պոլսոյ մէջ մեծ հրդեհ 

Պոլսոյ մէջ մեծ հրդեհ Քարաքէօյ շրջանի սուրբ Փրկիչ հայկական եկեղեցւոյ կից

Պատսպարանին մէջ եղած է եօթ անձեր, որոնք բոլորն ալ ազատուած են, իսկ անոնցմէ երկուքը փոխադրուած է հիւանդանոց։

Հրդեհ բռնկած է «Քարաքէօյ» թաղամասի հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող պատսպարանին  (թրքերէնով՝ Լոճման) մէջ։

Նախնական տուեալներով պատսպարանին մէջ եղած է եօթ անձեր, որոնք բոլորն ալ ազատուած են, իսկ անոնցմէ երկուքը փոխադրուած է հիւանդանոց։

Պոլսահայ լրագրող Շահնուր Քազանճի, որ պատահարին մասին կարճ հաղորդագրութիւններ տուած է Ինսթակրամէն սփռուող «Թէթ աժէնտա» իր էջով, եղածին մասին խօսած է Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ ՝ Գերպ. Տ.  Լեւոն արք. Զէքիեանին հետ եւ վերջինս  վստահեցուցած է, որ վիրաւորեալներուն վիճակը կայուն է։ 

 Կաթողիկէ Առաջնորդը նաեւ ըսած է, որ ԱԻՆ Հրշէջ մարմիններ կարեւոր գործ կը տանին մարելու համար ծագած հրդեհը։ 

Նշենք նաեւ, որ լուրը մեծ տարածում գտած է Թուրքիոյ օնլայն հարթակներուն վրայ։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2023, 10:11