Գարեգին Բ Ամենայն հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ամենայն հայոց Կաթողիկոս 

Բոլորիս հոգիները այս օրերուն անհանգիստ են Լաչինի միջանցքին արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամով. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

ՌԴ պատուոյ շքանշանի յանձնման արարողութեան ժամանակ ունեցած Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ելոյթը

Բոլորիս հոգիները այս օրերուն անհանգիստ են Լաչինի միջանցքին արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամով։ Թող Ամենակալի օգութեամբ մեր տարածաշրջանը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը, վերականգնուի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչցուի Արցախի մեր ժողովուրդին՝ հայրենի հողին վրայ ապահով, ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը։ Այս մասին, ըստ Մայր Աթոռի տարածած հաղորդագրութեան, ՌԴ պատուոյ շքանշանի յանձնման արարողութեան ժամանակ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ըսած է Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

«Ռուսիոյ Դաշնութեան մեծարգոյ դեսպան,

Գերաշնորհ, Հոգեշնորհ եւ Արժանապատիւ հայրեր,

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի պատուարժան անդամներ եւ սիրելի ներկաներ,

Կ՝ողջունենք բոլորիդ ներկայութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ կը բերենք Մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները Ամանորի եւ մեր Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան ու Աստուածյայտնութեան հոգենորոգ տօներուն առիթով։

Շնորհակալութեամբ ստացանք Ռուսիոյ Դաշնութեան մեծայարգ նախագահ տիար Վլատիմիր Փութինի կողմէ Մեզի շնորհուած Ռուսիոյ Դաշնութեան Պատուոյ շքանշանը մեծարգոյ դեսպան տիար Սերգէյ Գոբիրգինի ձեռամբ: Հայրապետական Մեր մաղթանքներն ու օրհնութիւնը կը բերենք ի դէմս Ձեզի, պարոն դեսպան, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահին՝ ազնիւ ուշադրութեան եւ գնահատանքին համար։

Մեր ժողովուրդները ունին դարաւոր բարեկամութեան հարուստ պատմութիւն, որ կոփուած ու թրծուած է համատեղ կրած նեղութիւններով ու դժուարութիւններով եւ բազում յաղթանակներով։ Մեր ժողովուրդներուն եղբայրութիւնը ամրօրէն հաստատուած է քրիստոնէական մեր հաւատքին ու դաւանած ընդհանուր արժէքներուն վրայ։ Հայ-ռուսական փոխյարաբերութիւններու պատմութեան ընթացքին, այլեւ անկախութեան հռչակումէն ի վեր մեր ժողովուրդը զգացած է բարեկամ Ռուսիոյ բարեացակամ վերաբերմունքը եւ զօրակցութիւնը։ Այսօրինակ բարեկամութեան ցայտուն վկայութեան ականատեսը եղանք, երբ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անմիջական ջանքերով դադրեցուեցաւ 2020 թուականի Արցախեան արիւնալի պատերազմը, նաեւ կը շարունակուի կարեւոր աջակցութիւնը պատերազմի աղէտալի հետեւանքներուն յաղթահարման, Արցախի մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման, Դադիվանքի եւ հայոց հնամենի սրբավայրերու պահպանութեան գործին մէջ։ Բոլորիս հոգիները այս օրերուն անհանգիստ են Լաչինի միջանցքին արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամով։ Կ՝աղօթենք, որ արդիւնաւորուին ռուս խաղաղապահներուն ջանքերը՝ ուղղուած Լաչինի միջանցքի արգելափակման վերացման եւ Արցախի մէջ տիրող աղէտալի վիճակի յաղթահարման։ Թող Ամենակալի օգնութեամբ մեր տարածաշրջանը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը, վերականգնուի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուի Արցախի մեր ժողովուրդին՝ հայրենի հողին վրայ ապահով, ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը։

Սիրելիներ, Ռուսիոյ Դաշնութեան այս բարձր պարգեւին շնորհումը կը դիտարկենք հայ-ռուսական բարեկամութեան, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ հոգեւոր-մշակութային կապերու զօրացման գործին մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութեան արժեւորման ծիրէն ներս, նաեւ իբրեւ գնահատանք Ռուսիոյ կեանքին մէջ հայ համայնքի կարեւոր աւանդին: Մեր ժողովուրդներու բարեկամութեան ակունքներուն մէջ Հայ եւ Ռուս Եկեղեցիներուն եղբայրութիւնն է։ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Գիրիլ Պատրիարքի՝ ի Քրիստոս Մեր սիրեցեալ եղբօր հետ սերտ գործակցութեան մէջ ամենայն ջանք ի գործ պիտի դնենք յանուն մեր ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան առաւել ամրապնդման եւ յարատեւութեան։

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ այսօրուան փոթորկոտ եւ տագնապներով լի աշխարհին մէջ Ամենողորմ Տէրը խաղաղութեան իր շնորհները հեղի համայն մարդկութեան կեանքին եւ ապահովութեան ու բարօրութեան մէջ պահէ մեր եղբայր ժողովուրդները՝ պարգեւելով արդիւնաշատ գործակցութիւն եւ մշտանորոգ ձեռքբերումներ մեր բարեկամ երկիրներուն։ Այս առիթով, յարգարժան պարոն դեսպան, հաճեցէք Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ մեծարգոյ տիար Վլատիմիր Փութինին՝ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան կենարար աւետիսին հետ մէկտեղ՝ փոխանցել Մեր երախտագիտութիւնը եւ կենաց արեւշատութեան, յաջողութեանց եւ Ռուսիոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու եւ փորձութիւններու շուտափոյթ յաղթահարման բարեմաղթանքները:

Թող Աստուած օրհնէ եւ անսասան պահէ բարեկամութիւնը մեր եղբայր ժողովուրդներուն»,- ըսուած է վեհափառի ելոյթին մէջ:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2023, 08:10