Անթոնիօ Կութերես Անթոնիօ Կութերես  (AFP or licensors)

Կութիերես կոչ կ՛ուղղէ` ապահովելու Բերձորի միջանցքով ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը

Ազրպէյճան 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր փակ կը պահէ Արցախը Հայաստանին ու արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կը վերահաստատէ իր կոչը` ապահովելու Բերձորի միջանցքով ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:

«Ընդհանուր քարտուղարը ներկայ կացութեան վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները յայտնած է 14 դեկտեմբեր 2022-ի իր յայտարարութեան մէջ: Այս մտահոգութիւնները քարտուղարութեան կողմէ արտայայտուած են նաեւ 20 դեկտեմբեր 2022-ին Հայաստանի հայցով հրաւիրուած Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին:

«Ընդհանուր քարտուղարը կը վերահաստատէ իր կոչերը` թուլացնելու լարուածութիւնը եւ ապահովելու միջանցքով ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը` համաձայն նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, ան իր աջակցութիւնը կը յայտնէ միջնորդական ջանքերուն», «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան նշած է Տիւժարիք` անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջնացքը արդէն չորս շաբաթ փակ պահելու փաստին, ինչի հետեւանքով իրական մարդասիրական ճգնաժամ սկսած է Արցախի մէջ, ուր շուրջ 120 հազար բնակիչներ յայտնուած են շրջափակման մէջ:

«ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւնները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ կը շարունակեն տեղւոյն վրայ բաց պահել կապը իշխանութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ ու պատրաստ են արձագանգելու, եթէ ըլլայ դիմում եւ պայմանները արտօնեն», յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճան 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր փակ կը պահէ Արցախը Հայաստանին ու արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2023, 08:13