Ռայի Պատրիարքը այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի պատրիարքը ուրբաթ, 27 յունուար 2023-ի երեկոյեան, այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կաթողիկոսանիստ մայրավանքի մէջ: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան ու Գրիգոր Մահսերէճեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Տեղի ունեցած քննարկումներուն հիմնական նիւթը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն էր: Այս գծով կատարուեցաւ տեսակէտներու փոխանակում: Ապա, վեհափառ հայրապետին եւ ժողովականներուն առաջարկով որոշուեցաւ, որ յառաջիկայ շաբաթ, Պքէրքէի մէջ, տեղի ունենայ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում, որմէ ետք` քրիստոնեայ երեսփոխաններու, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական մօտեցումներ ճշդել եւ նախագահական ընտրութեան առաջնորդող գործընթացը դիւրացնել:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ