Bandiera Unione Europea, Europa

Եւրոպական Խորհուրդի զեկոյցը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ դուրս բերելու զօրքերը Հայաստանի տարածքէն

Զեկոյցը նաեւ կը յորդորէ երկու երկիրներու կառավարութիւնները՝ աշխատիլ համապարփակ եւ փոխընդունելի խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ, իսկ Եւրոպական Միութիւնը կը յորդորէ շարունակաբար ներգրաւուիլ, միջնորդել եւ արդիւնաւէտ կերպով նպաստել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:

Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պատրաստեց Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները վերանայող նոր զեկոյց մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ դուրս բերելու զօրքերը Հայաստանի տարածքէն, կ՛ընդգծէ, որ խաղաղութեան որեւէ պայմանագիր պէտք է ներառէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը, գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուածներու արագ ու ապահով վերադարձը իրենց տուներ: Անիկա նաեւ կը գովէ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ Հայաստանի կատարած ճիգը, որուն իբրեւ արդիւնք Հայաստան դարձած է տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան յառաջատար: 

 «Արմէնփրէս»ը Եւրոպական խորհրդարանի կայքէն տեղեկացաւ, որ նոր զեկոյցին մէջ խորհրդարանի պատգամաւորները խստօրէն կը դատապարտեն Սեպտեմբեր 2022ին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ լայնածաւալ ռազմական յարձակումը, որ խախտած է խաղաղութեան հասնելու համար նախապէս ձեռնարկուած փորձերը եւ հասցուցած է Ատրպէյճանի ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւման:

Ընդգծելով, որ այս վերջին յարձակումը ուղղակի կապ չունի Արցախի երկարաժամկէտ հակամարտութեան հետ՝ զեկոյցը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն զօրքերը դուրս բերելու Հայաստանի տարածքի բոլոր հատուածներէն:

Զեկոյցը նաեւ կը յորդորէ երկու երկիրներու կառավարութիւնները՝ աշխատիլ համապարփակ եւ փոխընդունելի խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ, իսկ Եւրոպական Միութիւնը կը յորդորէ շարունակաբար ներգրաւուիլ, միջնորդել եւ արդիւնաւէտ կերպով նպաստել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:

Զեկոյցը կ՛ողջունէ Մարտ 2021ին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ամբողջական ուժի մէջ մտնելը եւ զայն իրականացնելու՝ Հայաստանի յանձնառութիւնը: Պատգամաւորները կոչ կ՛ուղղեն Եւրոպական Միութեան ու Հայաստանին՝ սերտօրէն աշխատելու Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ծիրին մէջ, ընթացիկ եւ ապագայ բարեփոխումներու իրականացման վրայ՝ շեշտելով, որ անիկա կ՛ընդգրկէ միացեալ աշխատանքի լայն շրջանակ մը:

«Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն մասին զեկոյցը անգամ մը եւս կը հաստատէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ուղղութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի յանձնառութիւնը եւ շարք մը կարեւոր ոլորտներու մէջ Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան համագործակցութիւնը: Իբրեւ այս ուղղութեամբ կարեւոր քայլ՝ մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան տեղակայումը եւ Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք՝ երաշխաւորելու գրեթէ 2 ամիսէ ի վեր արգելափակուած Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնը եւ ապահովութիւնը», քուէարկութենէն ետք ըսաւ զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւ:

 Զեկոյցը ընդունուեցաւ 55 թեր, 5 ձեռնպահ ձայներով: Յանձնաժողովի քուէարկութենէն ետք զեկոյցը ամբողջութեամբ պիտի ներկայացուի Եւրոպական խորհրդարանի հաստատման:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2023, 09:00