Արցախի մէջ շուրջ 5000 անձեր իրենց աշխատանքը կորսնցուցին
51 օրերէ ի վեր շարունակուող շրջափակման պատճառով, Արցախի մէջ աշխատանքը կորսնցուցած մարդոց թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ` հասնելով շուրջ 5000ի:
Ստեփանակերտի եւ շրջաններուն մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներ զրկուեցան ապրուստի իրեն միջոցներէն: Նախքան Լաչինի միջանցքի շրջափակումմը շինարարական ընկերութիւններէն մէկուն մէջ խոհարար աշխատած Այտա Բաբայեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մէկ օրուան ընթացքին իրենց ամբողջ ընտանիքը անգործ դարձաւ: «Իմ եղբայրը չի աշխատում, որը որ աշխատում էր Երեւան-Ստեփանակերտ տաքսի էր քշում, էլ գործ չկայ: Ես ու տղաս էլ աշխատում էինք շինարարական կազմակերպութիւնում, նոյնպէս գործ չկայ, կազմակերպութիւնը փակուեց», ըսաւ ան:
Իսկ Մարտունիէն Լիւդմիլա Սարգսեան տարեսկիզբէն անգործ դարձաւ. ան վաճառողուհի էր: Դժուար իրավիճակին մէջ յայտնուած Լիւդմիլայի ընտանիքը եւս պետութենէն աջակացութիւն չէ ստացած: «Ծերը ծերինհասցնում ենք դժուարաւ», ըսաւ ան:
Ելեկտրականութեան, կազի եւ ջուրի վարձքերը արդէն պէտք է վճարէին: Սակայն, ան չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է փակել պարտքերը, երբ բազմանդամ ընտանիքէն միայն որդին կ՛աշխատի: «Մեծ ընտանիք ենք, մի հատ աշխատող ա, տղաս ա աշխատում: Դէ ես էլ տունը նստած եմ, հարսս տունն ա, էրեխեքը երկուսը չափահաս են, երկուսը փոքր են: Մէկը չորս տարեկան, մէկը տասներեք տարեկան», յայտնեց Լիւդմիլան:
Արցախի մէջ օրէ օր իրավիճակը կը բարդանայ: Արդէն սովորական դարձած են ելեկտրականութեան եւ կազի պարբերական անջատումները, ժամերով հերթերը եւ խանութներու դատարկ ցուցափեղկերը:
Ստեփանակերտէն կը յայտնեն, որ պենզինի պաշարներու սղութիւն կայ: Շտապի նիստին կարեւոր նկատուեցաւ խիստ խնայողական դրութեան պահպանումը:
Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան ընկերակցութեամբ 31 Յունուարին Արցախէն երեք հիւանդներ տեղափոխուեցաւ Հայաստանի մասնագիտացած բժշկական կեդրոններ:
Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկեցաւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարին ու Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնին միջեւ: Նախարարութենէն յայտնեցին, որ Անահիտ Աւանեսեան Տեթրոս Հեպրէյեսուսի հետ յատկապէս քննարկեց առաքելութիւն ուղարկելու կարելիութիւնը՝ տեղւոյն վրայ վիճակը գնահատելու, անհրաժեշտ բժշկական պարագաներ եւ դեղորայք հասցնելու համար:
Աղբիւրը `Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ