2023.02.03 Artsakh. Croce Rossa internazionale

Կարմիր Խաչի Միջազգային յանձնախումբի Բերձորի Միջանցքի վերաբերեալ յայտարարութիւնը

Մենք կ՛աշխատինք Լաչինի միջանցքի երկայնքով շտապ բժշկական օգնութեան եւ շտապ օգնութեան ծառայութիւններու շարունակականութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ:

Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը Բերձորի միջանցքի փակման պայմաններուն մէջ իր գործունէութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը:

Թուիթըրեան գրառման միջոցով տարածուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.

«Մենք կ՛աշխատինք Լաչինի միջանցքի երկայնքով շտապ բժշկական օգնութեան եւ շտապ օգնութեան ծառայութիւններու շարունակականութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ:

Մենք օժանդակած ենք անյետաձգելի բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող 60 հիւանդներու անվտանգ տեղափոխման:

Մեր խումբերը նաեւ բժշկական հաստատութիւններ առաքած են դեղորայք, մանկական սնունդ եւ սննդամթերք:

Մենք անցեալ ամիս սննդամթերք եւ առողջապահական պարագաներ բաժնած ենք 8 հիւանդանոցներու, ֆիզիքական վերականգնողական կեդրոնի, աւելի քան 300 ծերեր խնամող հաստատութեան եւ երեխաներու խնամքով զբաղող կեդրոնին:

Բացի ատկէ, մենք ձեռնարկած ենք ծանրոցներով եւ տուփերով սնունդ եւ առողջապահական պարագաներ բաժնել կարիքաւոր յղի կիներու:

Քանի որ այս կացութիւնը յանգեցուցած է որոշ ընտանիքներու բաժանման, մենք օժանդակած ենք յունուարի սկիզբէն 95 մարդու Լաչինի միջանցքով տեղափոխման: Ատիկա կը կատարուի կողմերուն հետ համաձայնութեամբ եւ ընտանիքի շահագրգիռ անդամներու ցանկութիւններուն հիման վրայ», նշուած է Միջազգային Կարմիր խաչի գրառման մէջ:

 

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2023, 14:21