Միացեալ Նահանգներ կոչ ուղղած են երկրաշարժէն վնասուած Սուրիոյ օգնելու` առանց յարաբերութիւններու բնականոնացման
Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն երկրաշարժներու հետեւանքները վերացնելու նպատակով Սուրիոյ ցուցաբերուող օգնութիւնը չկապելու երկրի իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, նման յայտարարութիւն կատարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
«Ասատի վարչակարգին նկատմամբ մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած: Հիմա կարգաւորման ժամանակը չէ: Հիմա ժամանակը չէ` Ասատի վարչակարգին հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու: Կը կարծենք, որ մենք եւ աշխարհի բոլոր երկիրները կրնան նոյն ատեն պահպանել երկու հրամայականները` անդրադառնալ թուրք եւ սուրիացի ժողովուրդներու մարդասիրական կարիքներուն` առանց վերատեսութեան ենթարկելու կամ բարձրացնելու Ասատի վարչակարգին հետ յարաբերութիւններու մակարդակը», ըսած է Փրայս:
Ան շեշտած է, որ այժմ Ուաշինկթընի ուշադրութեան կեդրոնը «անմիջական մարդասիրական հրամայականն է»:
Ըստ դիւանագէտին, Միացեալ Նահանգներ աւերիչ երկրաշարժէն ետք օգնութիւն ուղարկած են թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ ալ Սուրիոյ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ