«Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու առաջին կիսուն. Պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագիրով գիտաժողովը Երեւանի մէջ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ Մարտ 2-ին կայացաւ «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու առաջին կիսուն. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագիրը կրող գիտաժողովը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ համաշխարհային պատմութեան եւ անոր դասաւանդման ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփանեանը։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, ՀՊՄՀ ղեկավար Սրբուհի Գէորգեանը, նոյն համալսարանի պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդգար Յովհաննիսեանը եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը։
«Այն ժողովուրդի ժառանգները, որոնք պատերազմի, սովի, անձեւ քաոսի պայմաններուն մէջ 1918թ․ անկախ հանրապետութիւն կերտեցին, նոյն ոգիով ալ 1988թ ազգային շարժում սկսան։ Այս ամէնը փաստեց, որ նպատակը կ՝ուրուագծէ պատմական հոլովոյթին ընթացքը։ Գրեթէ մէկ միլիոն մարդ Ազատութեան հրապարակին վրայ կը հաւաքուէր «միացո’ւմ» կոչի ներքոյ՝ հաւատարիմ Ազատ ու Անկախ ապրելու իր մեծ նպատակին, ինչպէս եւ Միացեալ Հայաստանի համար պայքարի պատրաստակամութեան։ Այսօրուան գիտաժողովին ուղերձը մէկ անգամ եւս կը հաւաստիացնէ է , որ հայոց պետականութիւնը անխաթար պահելու, օրուան իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը ծրագրելու գործընթացին մէջ ելակէտը պէտք է ըլլայ ժողովուրդին իտէալը»,- նշեց Ռուզան Առաքելեան։
Զեկուցումներով հանդէս եկան բ.գ.թ դոկտոր Ռուբինա Փիրումեանը (ԱՄՆ), կրթական վաստակաւոր գործիչ Տիգրան Ճինպաշեանը (Լիբանան), պ.գ.դ փրոֆեսըր Խաչատուր Ստեփանեանը, պ.գ.թ դոցենտ Էդգար Յովհաննիսեանը, պ.գ. դ. փրոֆեսըր Էդիկ Մինասեանը, պ.գ.թ Կարէն Խանլարեանը, պ.գ.դ. փրոֆեսըր Սամուէլ Պօղոսեանը, պ.գ.թ., փրոֆեսըր Աւետիս Յարութիւնեանը, պ.գ.թ., դոցենտ Հայկ Գրիգորեանը, բ.գ.դ. Վարդան Դեւրիկեանը, բ.գ.դ. փրոֆեսըր Աշոտ Գալստեանը, բ.գ.դ. փրոֆեսըր Վազգէն Համբարձումեանը, բ.գ. թ. Մարիամ Յովսէփեանը, բ.գ.դ. փրոֆեսըր Դաւիթ Գասպարեանը, փ.գ.դ. փրոֆեսըր Ռիմա Միրումեանը, բ. գ. դ. Մարգարիտ Խաչատրեանը, բ.գ.թ. Արմէն Կարապետեանը։
Գիտաժողովի մասնակիցներուն զեկուցումները պիտի զետեղուին յառաջիկային տպագրուելիք գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածուին մէջ։
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ