Լիբանան.Դրամատուները իրենց դռները վերստին պիտի փակեն 14 Մարտ 2023-էն սկսեալ
Դրամատուներու միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ դրամատուները իրենց դռները վերստին պիտի փակեն 14 մարտ 2023-էն սկսեալ:
Դրամատուները անհրաժեշտ նկատեցին, որ իրենց հաշուոյն արձակուած դատական անարդար որոշումներն ու վճիռները սրբագրուին:
Միւս կողմէ, երէկ շրջանառութեան մէջ դրուած էին տեղեկութիւններ, թէ կաթողիկէ վարժարանները կ՛ուղղուին 2022-2023 կրթական տարեշրջանը աւարտելու յառաջիկայ ապրիլ ամսուան աւարտին, եւ հաստատուած էր, որ վերջնական որոշում պիտի տրուի այսօր` կաթողիկէ դպրոցներու ներկայացուցիչներու ժողովին ընթացքին:
Սակայն երէկ կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղարութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ կաթողիկէ վարժարաններուն մասին վերոնշեալ յայտարարութիւնները` ընդգծելով, որ այդ լուրերը անճիշդ են եւ անհիմն:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ 2022-2023 կրթական տարեշրջանը պիտի շարունակուի ըստ նախապէս ճշդուած ժամկէտին, եւ կոչ կ՛ուղղէ բոլոր լրատուամիջոցներուն կաթողիկէ վարժարաններուն վերաբերող լուրերը ստանալու միայն կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղարութեան տեղեկատուական գրասենեակէն:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ