Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապը աւելի եւս կը սաստկանայ Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապը աւելի եւս կը սաստկանայ  (AFP or licensors)

Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապը աւելի եւս կը սաստկանայ

Կեդրոնական դրամատան դիմաց երկարատեւ հրմշտուք եւ բախումներ արձանագրուեցան հանգստեան կոչուած բանակայիններուն եւ ներկայ բանակայիններուն, ինչպէս նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Ունկնդրէ լուրը

Լիբանանի մէջ ամէն բան տակաւին կը մնայ անորոշ. տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ քաղաքական տագնապները աւելի եւս կը սաստկանան` լիբանանցի քաղաքացին մղելով յաւելեալ յուսալքումի:

Այս շրջագիծին մէջ, հանգստեան կոչուած բանակայինները երէկ առաւօտեան գործադրեցին բողոքի ցոյց մը, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ:

Անոնք կտրականապէս մերժեցին ելեւմուտքի նախարարութեան վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելումի ծրագիրը:

Բազմամարդ ցոյցին մասնակիցները ուղղուեցան Կեդրոնական դրամատուն, ուր բանակն ու Ներքին ապահովութեան ուժերը արդէն իսկ դիրքաւորուած էին եւ կազմ ու պատրաստ կը սպասէին պաշտպանելու Կեդրոնական դրամատան անվտանգութիւնը:

Ցասկոտ ցուցարարները յարձակեցան Կեդրոնական դրամատան վրայ` փորձելով դարպասներէն ներս խուժել, սակայն անոնք բախեցան անոր մուտքին կանգնած բանակայիններուն:

Կեդրոնական դրամատան դիմաց երկարատեւ հրմշտուք եւ բախումներ արձանագրուեցան հանգստեան կոչուած բանակայիններուն եւ ներկայ բանակայիններուն, ինչպէս նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ:

Կէսօրուան ժամ 12:00-էն մինչեւ 2:30 տեւած ցոյցին ընթացքին ցուցարարները հրկիզուող անիւներով փակեցին Կեդրոնական դրամատունէն Համրա տանող ճամբան` ստեղծելով երթեւեկի ահաւոր խճողում: Ապա անոնք ցրուեցան:

Մինչ հանգստեան կոչուած բանակայինները գետնի վրայ կը փորձէին քանդել Կեդրոնական դրամատան փշաթելերը եւ ներս մուտք գործելու փորձեր կատարել, հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը կը շարունակէ ապրիլ «քարէ դար» վերադարձի իր դարաշրջանը:

Այս շրջագիծին մէջ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ ինք խորհրդակցած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ, որ խորհուրդ տուած է բանակին տրամադրութեան տակ դնել ընկերութիւնը:

Բան մը, որ Քըրըմ մերժած է` շեշտելով, որ ինք պաշտօնեաները պատանդներու չի վերածեր:

«Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան գործադիր խորհուրդը հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը հայրենիքը պաշտպանող ուժն է, եւ մեր բոլոր կեդրոնները անոնց դիմաց բաց են:

Քըրըմ ընդգծեց, որ այս ընթացքով «Թաչ» եւ «Ալֆա» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն աշխատանքը կրնայ դադրիլ, եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նիստ մը գումարելու:

Ան կոչ ուղղեց «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքային վերջ տալու իրենց յայտարարած գործադուլին եւ վերադառնալու բանակցութիւններուն ու երկխօսութեան, որոնք լուծման յանգեցնող լաւագոյն ձեւերն են:

Միւս կողմէ, ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամի:

Նիստէն ետք Պայրամ յայտնեց, որ յանձնախումբին հետ համաձայնած է, որ սեփական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական նուազագոյն աշխատավարձը հասնի 9 միլիոն լ. ոսկիի, այսինքն` 4,5 միլիոն լ. ոսկիի յաւելում մը ճշդուի անոնց համար:

Ան աւելցուց նաեւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է աշխատանքային իւրաքանչիւր օրուան համար 250 հազար լ. ոսկիի փոխադրածախս մը տրամադրել:

Պայրամ յայտնեց, որ յաւելումի այս որոշումները ուղղակիօրէն առնչուած պիտի ըլլան վերատեսութեան` նկատի ունենալով ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի սակը:

Պայրամ յայտնեց, որ այս լուծումը պիտի ներկայացնեն Պետական շուրային եւ ապա ներկայացնեն կառավարութեան գումարելիք յաջորդ նիստին, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն վաւերացնել եւ գործադրել:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2023, 07:58