2019.03.28 Parlamento Europeo, bandiere, Europarlamento, Paesi europei

Եւրոպական Խորհրդարանը դարձեալ կը դատապարտէ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը եւ Լաչինի միջանցքի փակումը

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման համար հարկաւոր է դադրեցնել բռնութիւնը եւ երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը:

Եւրոպական խորհրդարանը 15 Մարտին որդեգրեց Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան եւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերող զեկոյցներ, որոնց մէջ անդրադարձ կը կատարուի ղարաբաղեան տագնապին եւ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած թշնամական քաղաքականութեան։

Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ  2020ի 44օրեայ պատերազմէն ետք կնքուած զինադադարը չի պահպանուիր, աւելին` զինադադարը քանի մը անգամ խախտեցաւ եւ պատճառ դարձաւ հարիւրաւոր զոհերու եւ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի արեւելքը եւ հարաւ-արեւելքը երկրի ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւման:

Փաստաթուղթերուն մէջ կը յիշատակուի Լաչինի միջանցքով քաղաքացիական երթեւեկութեան արգելափակումը, Սեպտեմբեր 2022ի մարտերուն ընթացքին ռազմագերիներու խոշտանգումները, 2020ին եւ 2021ի սկիզբը քաղաքացիներու նկատմամբ ոտնձգութիւնները եւ արտադատական հաշուեյարդարները:

«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աշխոյժ դերակատարութիւն ունենալու` իբրեւ յուսալի առեւտուրի գործընկեր եւ արդար միջնորդ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու առումով` իր գործողութիւնները հիմնելով ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ յարգանքը յառաջ տանելու վրայ», կ՛ըսեն զեկոյցին հեղինակները` աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ կացութիւնը աւելի բարդացուց շրջանային ապահովական վիճակը։

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` Ատրպէյճանի առաջարկած հինգ սկզբունքներուն եւ անոնց՝ Հայաստանի արձագանգին: Կը յիշատակուի նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ 7 Դեկտեմբեր 2021ի որոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ներգրաւուածութեան վերաբերեալ:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Արցախի վերաբերեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութիւնը մեծապէս կը խոչընդոտէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի զարգացումը եւ կայունութիւնը ու աւելի լայն իմաստով կ՛ազդէ Եւրոպայի կայունութեան վրայ:

«Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ Սեպտեմբեր 2022ին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ բազմաթիւ թիրախներու դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակումը… կը դատապարտէ ռազմական ներխուժումները, որոնք  Մայիս 2021էն ի վեր կը կատարուին չսահմանազատուած սահմանով, բոլոր ուժերուն կոչ ուղղելով՝ վերադառնալու իրենց ելման դիրքերը, կը դատապարտէ խաղաղութեան գործընթացը վտանգող որեւէ փորձ եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ՝ զերծ մնալու ուժի կիրարկումէն», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:

Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագիրին գծով, կը դատապարտէ Պաքուի՝ այսպէս կոչուած, «Ռազմավարներու զբօսայգի»ի բացումը, կ՛ողջունէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւն տեղակայելու շուրջ համաձայնագիրը եւ կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ երկկողմ շփումները:

Զեկոյցին մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Ատրպէյճանի հետ քաղաքական եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ գործընկերութիւնը խորացնելէ առաջ Ատրպէյճան պէտք է բարելաւէ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու վերաբերեալ իրավիճակը, որ «տակաւին կը գնահատուի շատ բացասական»:

Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ բանաձեւին թեր քուէարկեցին 534 պատգամաւորներ, դէմ` 10, ձեռնպահ` 66: Զեկոյցին մէջ բանաւոր փոփոխութիւններ առաջարկուեցան, մասնաւորապէս` դատապարտել Լաչինի միջանցքի շարունակական շրջափակումը, դատապարտել ատրպէյճանական կողմի եւ Արցախի հայերուն միջեւ 5 Մարտին տեղի ունեցած միջադէպը, որ մահերու պատճառ դարձաւ: Կատարուեցան նաեւ բանաւոր փոփոխութիւններ:

Եւրոպական խորհրդարանին ներկայացուած զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին, Արցախի հակամարտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերջին ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը՝ տասնեակ հազարաւոր տուժողներու, մեծ քանդումներու եւ հարիւր հազարաւոր մարդոց տեղահանութեան պատճառ դարձան, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը տակաւին չէ լուծուած:

Փաստաթուղթին մէջ կը ներկայացուին Ատրպէյճանի յարձակումները Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն վրայ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի մէկ մասի բռնագրաւումը Ատրպէյճանի կողմէ, քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու ռմբակոծումները, հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու արտադատական սպանութիւնները, Լաչինի միջանցքով քաղաքացիական երթեւեկութեան արգելափակումը:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման համար հարկաւոր է դադրեցնել բռնութիւնը եւ երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը:

Աղբիւրը `Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2023, 07:49