Ռայի պատրիարքը Ռայի պատրիարքը  

Ռայի պատրիարքը քրիստոնեայ երեսփոխանները հրաւիրեց հոգեւոր առանձնացումի եւ աղօթքի

Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. Յովսէփի տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ եթէ լիբանանցի ղեկավարները Աստուծոյ ձայնը լսեն, ապա երկրի տագնապներուն լուծման կրնան յանգիլ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը քրիստոնեայ երեսփոխանները հրաւիրեց հոգեւոր առանձնացումի եւ աղօթքի, որ տեղի պիտի ունենայ Հարիսայի մէջ, չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2023-ին:

Այս առիթով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Հզօր Լիբանան համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի, Ժորժ Աթալլա եւ Սեզար Ապի Խալիլ, երէկ գործուղեց Պքերքէ:

Պատուիրակութիւնը Ռայի պատրիարքին յայտնեց, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները պիտի ընդառաջեն պատրիարքի հրաւէրին` յուսալով, որ այդ հանդիպումը ըլլայ առիթ մը` ներշնչուելու քրիստոնէութեան արժէքներով եւ ցուցմունքներով:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. Յովսէփի տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ եթէ լիբանանցի ղեկավարները Աստուծոյ ձայնը լսեն, ապա երկրի տագնապներուն լուծման կրնան յանգիլ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2023, 08:36