Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի, չճանչցուած Քոսովոյի վարչապետ Ալպին Քուրթի Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի, չճանչցուած Քոսովոյի վարչապետ Ալպին Քուրթի  (ANSA)

«Սերպիան եւ Քոսովոն համաձայնած են կեանքի կոչելու յարաբերութիւնները կարգաւորելու Եւրոպական Միութեան առաջարկած ծրագիրը» կ՝ըսէ Պորել

Համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի, չճանչցուած Քոսովոյի վարչապետ Ալպին Քուրթիի եւ Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներու միջեւ 12 ժամ տեւած բանակցութիւններուն հիմամբ:

Սերպիան եւ Քոսովոն համաձայնած են կեանքի կոչել յարաբերութիւնները կարգաւորելու Եւրոպական Միութեան առաջարկած ծրագիրը: «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոսեփ Պորել:

Համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի, չճանչցուած Քոսովոյի վարչապետ Ալպին Քուրթիի եւ Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներու միջեւ 12 ժամ տեւած բանակցութիւններուն հիմամբ:

Կը նշուի, որ նախքան եռակողմ հանդիպումը, Սերպիոյ նախագահն ու Քոսովոյի ներկայացուցիչը առանձին հանդիպումներ ունեցած են Պորելի հետ:

Եւրոպական Միութեան ծրագիրը երկու երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ պահպանելու բարի դրացիական յարաբերութիւններ եւ ճանչնալու իրարու պաշտօնական փաստաթուղթերն ու ազգային խորհրդանիշերը: Միեւնոյն ժամանակ, համաձայնագիրը, որ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ կողմէ մշակուած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ, բացայայտօրէն չի պահանջեր Քոսովոյի եւ Սերպիոյ միջեւ փոխադարձ ճանաչում:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2023, 08:15