Եւրոպական Միութիւնը Պաքուին կոչ ուղղեց՝ ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ երթեւեկը
Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ կը մնայ այն իրականութեամբ, որ Լաչինի միջանցքով ազատ երթեւեկի շարունակուող խոչընդոտումը կ՛ազդէ Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու, որոնց կարգին առողջութեան, կրթութեան եւ պարէնի իրաւունքներուն վրայ: Այս մասին կ՛ըուի Ժընեւի մէջ ՄԱԿի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու գրասենեակներու մէջ գործող Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան յայտարարութեան մէջ:
«Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ բոլոր պատասխանատու անձերուն՝ երաշխաւորելու միջանցքով երթեւեկի ազատութիւնը եւ ապահովութիւնը` 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, եւ կատարելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 Փետրուար 2023ի որոշումը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին՝ շարունակելու երկխօսութիւնը, նաեւ՝ պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով: «Մենք կ՛ակնկալենք շարունակել խաղաղ գործընթացը Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի աջակցութեամբ», կը հաստատէ միութիւնը։
Աղբիւրը Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ