Որոնել

Ազրպէյճանցի  զինուոր մը Հայաստանի սահմանին մօտակայքը Ազրպէյճանցի զինուոր մը Հայաստանի սահմանին մօտակայքը 

Հայաստանի տարածքին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է Ազրպէյճանցի երկրորդ զինուորը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «13 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է ազրպէյճանցի երկրորդ զինուորը»:

Հայաստանի տարածքին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է ազրպէյճանցի երկրորդ զինուորը, որ 10 ապրիլին իր զինակիցին հետ մուտք գործած էր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք:

10 ապրիլին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու երկու զինուորներու կորսուելու մասին: Նոյն օրը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Հայաստանի տարածքին մէջ ձերբակալուած է ազրպէյճանցի զինուոր մը` նշելով, որ անոր հետ եղած է այլ զինուոր մը, որուն որոնման աշխատանքները կը կատարուին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը  հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «13 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է ազրպէյճանցի երկրորդ զինուորը»:

Մինչ այդ, «Ազատութիւն ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի պատերազմական գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով պետական յանձնախումբը յայտարարած է, որ Պաքուն սահմանին վրայ անհետ կորսուած ազրպէյճանցի զինուորներու հարցով դիմած է միջազգային կազմակերպութիւններուն:

«Հայաստանի հետ սահմանին վրայ անբարենպաստ եղանակային պայմաններու մէջ սահմանափակ տեսանելիութեան պատճառով Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Շահբուզի շրջանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորներ Ագշին Բաբիրովը (ծնեալ` 2004 թուականին) եւ Հուսէյն Ախունդովը (ծնեալ` 2003 թուականին) անհետացած են: Հաշուի առնելով զինուորները Հայաստանի տարածքին մէջ պահելու հաւանականութիւնը` զանոնք ազատ արձակելու վերաբերեալ պաշտօնական դիմում ներկայացուած է համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններուն», նշուած է յանձնախումբի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2023, 07:50