Հայաստանի տարածքին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է Ազրպէյճանցի երկրորդ զինուորը
Հայաստանի տարածքին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է ազրպէյճանցի երկրորդ զինուորը, որ 10 ապրիլին իր զինակիցին հետ մուտք գործած էր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք:
10 ապրիլին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու երկու զինուորներու կորսուելու մասին: Նոյն օրը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Հայաստանի տարածքին մէջ ձերբակալուած է ազրպէյճանցի զինուոր մը` նշելով, որ անոր հետ եղած է այլ զինուոր մը, որուն որոնման աշխատանքները կը կատարուին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «13 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է ազրպէյճանցի երկրորդ զինուորը»:
Մինչ այդ, «Ազատութիւն ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի պատերազմական գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով պետական յանձնախումբը յայտարարած է, որ Պաքուն սահմանին վրայ անհետ կորսուած ազրպէյճանցի զինուորներու հարցով դիմած է միջազգային կազմակերպութիւններուն:
«Հայաստանի հետ սահմանին վրայ անբարենպաստ եղանակային պայմաններու մէջ սահմանափակ տեսանելիութեան պատճառով Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Շահբուզի շրջանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորներ Ագշին Բաբիրովը (ծնեալ` 2004 թուականին) եւ Հուսէյն Ախունդովը (ծնեալ` 2003 թուականին) անհետացած են: Հաշուի առնելով զինուորները Հայաստանի տարածքին մէջ պահելու հաւանականութիւնը` զանոնք ազատ արձակելու վերաբերեալ պաշտօնական դիմում ներկայացուած է համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններուն», նշուած է յանձնախումբի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ