Որոնել

2023.04.18 Il medico Avedis Gebedjian, un sopravvissuto al genocidio armeno

Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրող բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան Ա. Աշխարհամարտին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորները դարմանելուն ժամանակ լսած է, որ իր ազգականները սպաննուած են: Իր եղբայրը` Գրիգորը, Սուրիա աքսորուած է եւ պատերազմէն ետք անկարող եղած է վերադառնալ:
Ունկնդրէ լուրը

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան զաւակն է Այնթապի երեւելիներէն Յովհաննէս Ճէպէճեանի, հայրը` բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեանի ու մեծ հայրը` դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանի: Ծնած է Այնթապ, 1876-ին:

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան (1876-1952)

Վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցէն, 1903-ին: Որոշ ատեն Ուրֆայի մէջ ծառայելէ ետք աշխատանքը շարունակած է Այնթապի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ: Մասնագիտանալու եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար ծառայած է նաեւ Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Ծառայած է օսմանեան բանակին մէջ` իբրեւ սպայ բժշկապետ, ղրկուած է տարբեր ճակատներ:

Շուրջ 30 հազար հայերու  սպանութեան պատճառ դարձած Ատանայի ջարդերուն օրերուն,  1909-ին, իր կինը առաջին զաւկին յղի եղած է: Ճէպէճեան որոշած է վերադառնալ իր ծննդավայրը` Այնթապ, որովհետեւ Օսմանիէի ճամբուն վրայ իր աներոջ սպանութենէն ետք կացութիւնը իրեն համար սկսած է անտանելի դառնալ:

1914-1919 ան գործած է պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ զինուորականի ու բժիշկի բարոյականութեամբ: Աշխատած է թրքական հիւանդատար նաւու մը վրայ, ուր դարմանած է մալարիայէ վարակուած հազարաւոր բանակայիններ:

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան վիրահատութեան մը պահուն

Ան գրած է իր օրագրութիւնը, որ կը սկսի 3 նոյեմբեր 1914-ին եւ կը վերջանայ դեկտեմբեր 1919-ին: Ան գրած է հայատառ թրքերէնով: Գիրքը հրատարակուած է Պէյրութ, 1986-ին, հայերէնով, «Վիոլեթ Ճէպէճեան» գրադարանին կողմէ:

Անոր յուշերը այլազան են: Ան գեղեցկօրէն նկարագրած է Արեւմտահայաստանի տարբեր քաղաքները: Յուշերը լեցուն են` յուզումով, ցաւով, կարօտով, վախով ու ողբերգութեամբ: Նկարագրած է հայոց տեղահանութիւնը, տառապանքը, ջարդերը, այլ խօսքով` Ցեղասպանութիւնը: Նկարագրած է ցաւալի տեսարաններ` ամէն կողմ գանկեր, ոտքեր եւ ոսկորներ, այլանդակուած մարմիններ: Ականատես եղած է հայկական պարպուած գիւղերու եւ հազարաւոր հայ գաղթականներու վիճակուած տաժանելի պայմաններուն: Հանդիպած է հայու բեկորներու` Տիգրանակերտի տարածուն հովիտին մէջ, տեսած է սիրտ ճմլող պատկերներ:

Ապրած է պատերազմի տգեղութիւններն ու արհաւիրքը: Ան նկարագրած է հայուն անսահման վիշտը, որուն պատճառով երբեմն իր օրագիրը չէ կրցած ամբողջացնել: Ան գրած է. «12.000 գաղթականներ անցան Մարաշի քովէն. անգութ, անհամար տեսարաններ ու նկարագրութիւններ. այդ պատճառով ալ սիրտ չունեցայ օրագիրս շարունակելու: Խապուզէ հայկական գիւղը` ամբողջովին պարպուած… մնացած էին հինգ ընտանիքներ միայն, որոնց այցելեցի: Երկրորդ հանգրուանը եղաւ Կլուշկերտ անուն հայկական ուրիշ գիւղ մը: Այս կողմերը հարիւրաւոր նման հայկական գիւղեր կան, բոլորը դատարկ, բնակչութիւնը` տեղահան: Կլուշկերտէն ելլելով` հասանք Բալուէն մէկ ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ Խօշմաթ հայկական գիւղը, ուր սկսանք հաստատուիլ: Երեք հարիւր տուն ունեցող գիւղին մէջ մնացած էին չորս կամ հինգ ընտանիքներ: Քիւրտ տարագիրներ փլած էին բոլոր տուները»:Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեանի հայատառ թրքերէն օրագիրէն էջ մը

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան Ա. Աշխարհամարտին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորները դարմանելուն ժամանակ լսած է, որ իր ազգականները սպաննուած են: Իր եղբայրը` Գրիգորը, Սուրիա աքսորուած է եւ պատերազմէն ետք անկարող եղած է վերադառնալ:

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան թրքական բանակի սպայի տարազով

Աւետիս հետեւած է իր հարազատներու գողգոթային ու ապրած է անոնց ողբերգութիւնները: Ան իմանալով իր աներձագին` վերապատուելի Տիգրան Գունտագճեանին վախճանումը, իր քրոջը` Նոյեմիին, սուրիական անապատ քշուած ըլլալը ու անոր երկու զաւակներուն` Գէորգին ու Կարապետին մահը, շատ տխրած է ու մատնուած  է հոգեկան փլուզումի:

Ան սիրած է բնութիւնը եւ անոր գեղեցկութիւնը: Հիացումով գրած է Արարատ լերան մասին` «Մասիսն ու Արարատը եզակի հմայիչ տեսարան մը կը գոյացնեն: Շատ հաճելի զգացումներու տուն կու տան ինձ մօտ: Աննման, շքեղ ու օգոստափառ լեռ մըն է Արարատը»:

Զինադադարէն ետք ազատ արձակուած է թրքական բանակէն: Ազատ արձակման գիշերը չէ կրցած քնանալ: Սկսած է իր տուն դարձի երկար ճամբորդութիւնը: Ան քալած է մինակ, իր ընտանիքին կարօտով ու հայ ժողովուրդի ապրած ողբերգութեամբ ու ցաւով: Ան 40 օր քալած ու հասած է Վան, որ արժանացած է իր նկարագրութեան. «Լիճը` Վարագայ եւ Սիփան լեռներով, շատ հաճելի տեսարան մը կը հայթայթէ»: Ան  շարունակած է իր ճամբան` անցնելով դատարկուած Պայազիտէն, Գարա Քիլիսայէն եւ Ճելիքեանէն: Վերջապէս  հասած է Տրապիզոն, որմէ ետք ծովու ճամբով անցած է Պոլիս եւ ի վերջոյ երկաթուղիով` Հալէպ: Հոն բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեանի հետ հաստատած է դարմանատուն մը: Դարմանած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ հիւանդներ:

Հալէպի մէջ ունեցած է ազգային հասարակական եւ եկեղեցական աշխուժ գործունէութիւն, եղած է հալէպահայ գաղութը կազմակերպող կարեւոր անձնաւորութիւններէն մէկը:

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան մահացած է Հալէպ, 1952-ին:

 

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մոնրէալ, 22 փետրուար 2023

«Ազդակ»

 

Աղբիւրներ.

Հարպոյեան, «Բժիշկ Կարպիս, Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան, հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին», Մոնրէալ, 2018:

Ճէպէճեան, դոկտ. Հրայր, «Տուն դարձի երկար ճամբան…», Գեղարդ, 22 յունուար 2015:

 Ճէպէճեան, դոկտ. Հրայր, «Փորձենք խաղաղութիւն ընտրել», Գեղարդ, Թորոնթօ, 12 յունուար 2019:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2023, 07:55