Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրող բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան
Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան զաւակն է Այնթապի երեւելիներէն Յովհաննէս Ճէպէճեանի, հայրը` բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեանի ու մեծ հայրը` դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանի: Ծնած է Այնթապ, 1876-ին:
Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան (1876-1952)
Վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցէն, 1903-ին: Որոշ ատեն Ուրֆայի մէջ ծառայելէ ետք աշխատանքը շարունակած է Այնթապի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ: Մասնագիտանալու եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար ծառայած է նաեւ Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Ծառայած է օսմանեան բանակին մէջ` իբրեւ սպայ բժշկապետ, ղրկուած է տարբեր ճակատներ:
Շուրջ 30 հազար հայերու սպանութեան պատճառ դարձած Ատանայի ջարդերուն օրերուն, 1909-ին, իր կինը առաջին զաւկին յղի եղած է: Ճէպէճեան որոշած է վերադառնալ իր ծննդավայրը` Այնթապ, որովհետեւ Օսմանիէի ճամբուն վրայ իր աներոջ սպանութենէն ետք կացութիւնը իրեն համար սկսած է անտանելի դառնալ:
1914-1919 ան գործած է պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ զինուորականի ու բժիշկի բարոյականութեամբ: Աշխատած է թրքական հիւանդատար նաւու մը վրայ, ուր դարմանած է մալարիայէ վարակուած հազարաւոր բանակայիններ:
Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան վիրահատութեան մը պահուն
Ան գրած է իր օրագրութիւնը, որ կը սկսի 3 նոյեմբեր 1914-ին եւ կը վերջանայ դեկտեմբեր 1919-ին: Ան գրած է հայատառ թրքերէնով: Գիրքը հրատարակուած է Պէյրութ, 1986-ին, հայերէնով, «Վիոլեթ Ճէպէճեան» գրադարանին կողմէ:
Անոր յուշերը այլազան են: Ան գեղեցկօրէն նկարագրած է Արեւմտահայաստանի տարբեր քաղաքները: Յուշերը լեցուն են` յուզումով, ցաւով, կարօտով, վախով ու ողբերգութեամբ: Նկարագրած է հայոց տեղահանութիւնը, տառապանքը, ջարդերը, այլ խօսքով` Ցեղասպանութիւնը: Նկարագրած է ցաւալի տեսարաններ` ամէն կողմ գանկեր, ոտքեր եւ ոսկորներ, այլանդակուած մարմիններ: Ականատես եղած է հայկական պարպուած գիւղերու եւ հազարաւոր հայ գաղթականներու վիճակուած տաժանելի պայմաններուն: Հանդիպած է հայու բեկորներու` Տիգրանակերտի տարածուն հովիտին մէջ, տեսած է սիրտ ճմլող պատկերներ:
Ապրած է պատերազմի տգեղութիւններն ու արհաւիրքը: Ան նկարագրած է հայուն անսահման վիշտը, որուն պատճառով երբեմն իր օրագիրը չէ կրցած ամբողջացնել: Ան գրած է. «12.000 գաղթականներ անցան Մարաշի քովէն. անգութ, անհամար տեսարաններ ու նկարագրութիւններ. այդ պատճառով ալ սիրտ չունեցայ օրագիրս շարունակելու: Խապուզէ հայկական գիւղը` ամբողջովին պարպուած… մնացած էին հինգ ընտանիքներ միայն, որոնց այցելեցի: Երկրորդ հանգրուանը եղաւ Կլուշկերտ անուն հայկական ուրիշ գիւղ մը: Այս կողմերը հարիւրաւոր նման հայկական գիւղեր կան, բոլորը դատարկ, բնակչութիւնը` տեղահան: Կլուշկերտէն ելլելով` հասանք Բալուէն մէկ ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ Խօշմաթ հայկական գիւղը, ուր սկսանք հաստատուիլ: Երեք հարիւր տուն ունեցող գիւղին մէջ մնացած էին չորս կամ հինգ ընտանիքներ: Քիւրտ տարագիրներ փլած էին բոլոր տուները»:Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեանի հայատառ թրքերէն օրագիրէն էջ մը
Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան Ա. Աշխարհամարտին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորները դարմանելուն ժամանակ լսած է, որ իր ազգականները սպաննուած են: Իր եղբայրը` Գրիգորը, Սուրիա աքսորուած է եւ պատերազմէն ետք անկարող եղած է վերադառնալ:
Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան թրքական բանակի սպայի տարազով
Աւետիս հետեւած է իր հարազատներու գողգոթային ու ապրած է անոնց ողբերգութիւնները: Ան իմանալով իր աներձագին` վերապատուելի Տիգրան Գունտագճեանին վախճանումը, իր քրոջը` Նոյեմիին, սուրիական անապատ քշուած ըլլալը ու անոր երկու զաւակներուն` Գէորգին ու Կարապետին մահը, շատ տխրած է ու մատնուած է հոգեկան փլուզումի:
Ան սիրած է բնութիւնը եւ անոր գեղեցկութիւնը: Հիացումով գրած է Արարատ լերան մասին` «Մասիսն ու Արարատը եզակի հմայիչ տեսարան մը կը գոյացնեն: Շատ հաճելի զգացումներու տուն կու տան ինձ մօտ: Աննման, շքեղ ու օգոստափառ լեռ մըն է Արարատը»:
Զինադադարէն ետք ազատ արձակուած է թրքական բանակէն: Ազատ արձակման գիշերը չէ կրցած քնանալ: Սկսած է իր տուն դարձի երկար ճամբորդութիւնը: Ան քալած է մինակ, իր ընտանիքին կարօտով ու հայ ժողովուրդի ապրած ողբերգութեամբ ու ցաւով: Ան 40 օր քալած ու հասած է Վան, որ արժանացած է իր նկարագրութեան. «Լիճը` Վարագայ եւ Սիփան լեռներով, շատ հաճելի տեսարան մը կը հայթայթէ»: Ան շարունակած է իր ճամբան` անցնելով դատարկուած Պայազիտէն, Գարա Քիլիսայէն եւ Ճելիքեանէն: Վերջապէս հասած է Տրապիզոն, որմէ ետք ծովու ճամբով անցած է Պոլիս եւ ի վերջոյ երկաթուղիով` Հալէպ: Հոն բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեանի հետ հաստատած է դարմանատուն մը: Դարմանած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ հիւանդներ:
Հալէպի մէջ ունեցած է ազգային հասարակական եւ եկեղեցական աշխուժ գործունէութիւն, եղած է հալէպահայ գաղութը կազմակերպող կարեւոր անձնաւորութիւններէն մէկը:
Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան մահացած է Հալէպ, 1952-ին:
Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մոնրէալ, 22 փետրուար 2023
«Ազդակ»
Աղբիւրներ.
Հարպոյեան, «Բժիշկ Կարպիս, Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան, հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին», Մոնրէալ, 2018:
Ճէպէճեան, դոկտ. Հրայր, «Տուն դարձի երկար ճամբան…», Գեղարդ, 22 յունուար 2015:
Ճէպէճեան, դոկտ. Հրայր, «Փորձենք խաղաղութիւն ընտրել», Գեղարդ, Թորոնթօ, 12 յունուար 2019:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ