2023.04.20. Commemorazione 108 anniversario del Genocidio Armeno - Libano Scuola Mesrobian

Մեսրոպեան վարժարան. Ոգեկոչում Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն

Ոգեկոչման ձեռնարկի մասնակիցներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ կոչ ուղղեց միշտ վառ պահելու պահանջատիրութեան ջահը մինչեւ արդարութեան ամբողջական վերահաստատումը, հայ ժողովուրդի կրած վնասներուն արդար հատուցումը եւ մեր անկատար մնացած բոլոր տենչերուն իրականացումը: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը վերապրելով պատասխան տուաւ Թուրքիոյ ոճիրին եւ պիտի շարունակէ ապրիլ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, շնորհիւ իր միասնականութեան՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր ափերը:
Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ ուսուցչական եւ տեսչական կազմերը վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ:

Աշակերտները ներկայացած էին Հայաստանի, Արցախի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան դրօշներով եւ բարձրացուցած էին Եղեռնի զոհերուն յիշատակը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը նշող պաստառներ: Ներկայ էին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ պատասխանատու հոգեւոր հայրերը ժողովրդապետ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Թօփալեանի գլխաւորութեամբ:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Մեսրոպեանի աւարտական դասարանի աշակերտ  Զաւէն Տէր Ղուկասեան: Ան արտայայտեց հայ ազգին արդար ցասումը ի տես Ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալուն, դատապարտումը` ցեղասպանին եւ ամենակարեւորը` կամքն ու վճիռը միշտ յիշելու նահատակները, հաւատարիմ մնալու անոնց սուրբ կտակին եւ տէր կանգնելու անժամանցելի  բոլոր իրաւունքներուն:

Գեղարուեստական մասով ելոյթներ ունեցան Քրիսթոֆրր Մարտիրոսեան (5-րդ դասարան, նուագ երգեհոնի վրայ), Յակոբ Թերզեան, Ալէքս Լեւոնեան, Ժան-Փիէռ Վարդանեան, Նայիրի Առնէլեան, Սէրլի Մուղալեան,  Մարիա- Ճեսիքա Խաշոլեան (երգ եւ նուագ՝  «Աղբերս ու Ես», “Տուն իմ հայրենի”), Մէրի Էքմէքճեան (9-րդ դասարան, արտասանութիւն՝ «Ափ մը մոխիր») եւ Նայիրի Առնէլեան (7-րդ դասարան, նուագ՝ տուտուկ):

Ոգեկոչման ձեռնարկի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ կոչ ուղղեց միշտ վառ պահելու պահանջատիրութեան ջահը մինչեւ արդարութեան ամբողջական վերահաստատումը, հայ ժողովուրդի կրած վնասներուն արդար հատուցումը եւ մեր անկատար մնացած բոլոր տենչերուն իրականացումը: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը վերապրելով պատասխան տուաւ Թուրքիոյ ոճիրին եւ պիտի շարունակէ ապրիլ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, շնորհիւ իր միասնականութեան՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր ափերը:

Ապա խօսք առաւ Սուրբ Փրկիչի փոխ-ժողովրդապետ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան, որ  յորդորեց հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին եւ առօրեայ կեանքին մէջ ապրեցնել հայ ազգային եւ քրիստոնէական արժէքները՝ լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը, հայ ընտանիքը եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հաւատքը: Հայր Սահակ հուսկ արտասանեց “Պահպանիչ”ը եւ կատարեց վարդերու օրհնութիւն. աշակերտներ եւ ուսուցիչներ իրենց հետ դպրոց բերած ծաղիկները զետեղեցին Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին նմանակին առջեւ, առ ի յարգանք 1.5 միլիոն մեր նահատակներուն: Աւելի ուշ, նման այց կատարեցին նաեւ մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի փոքրիկները:

Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2023, 12:10