Ս. Ստեփանոս վանքը Ս. Ստեփանոս վանքը  

Ս. Ստեփանոս վանքը Արեւելեան Ատրպատական նահանգի ամենաշատ այցելու ունեցող վայրն է

«Այս տարի նոռուզեան արձակուրդի ընթացքին Ս. Ստեփանոս վանքը եղած է հիւսիս-արեւմտեան տարածքի ամենաշատ այցելուող վայրը:
Ունկնդրէ լուրը

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Արեւելեան Ատրպատականի մշակութային ժառանգութեան, զբօսաշրջութեան եւ ձեռագործութեան վարչութեան գլխաւոր տնօրէն Ահմադ Համզեզադէն յայտարարած է, որ Սուրբ Ստեփանոս վանքը եւ Արաքսի ազատ գօտին երկրի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող ամենաշատ այցելուող զբօսաշրջային վայրերն են։

ParsToday.ir-ի փոխանցմամբ, տնօրէնը յայտնած է, որ մինչեւ Մարտ 28-ը՝ մօտ 1 միլիոն 400 մարդ այցելած է այս նահանգի պատմամշակութային, բնական եւ զբօսաշրջային վայրեր:

«Այս տարի նոռուզեան արձակուրդի ընթացքին Ս. Ստեփանոս վանքը եղած է հիւսիս-արեւմտեան տարածքի ամենաշատ այցելուող վայրը: Իրանական 1402 թուականի գարնան չորրորդ օրը աւելի քան 5300 տոմս վաճառուած է եւ աւելի քան 25 հազար մարդ այցելած է այս պատմական վանքը»,- նշած է Ահմադ Համզեզադէն։

Անդրադառնալով UNESCO-ի մէջ գրանցուած եւ գրանցման փուլի մէջ գտնուող կոթողներուն, Արեւելեան Ատրպատական նահանգի մշակութային ժառանգութեան, զբօսաշրջութեան եւ ձեռագործութեան վարչութեան գլխաւոր տնօրէնը ըսած է. «Արաքսի ազատ գօտին քանի մը նահանգի չափ կոթողներ ունի UNESCOՍ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ գրանցուելու համար: Արաքսի եկեղեցական համալիրը ընդգրկուած է UNESCO-ի համաշխարհային ցանկին մէջ, իսկ Գէոպարկը, «Խոջա Նազար» քարաւանատունը եւ Արասբարանի անտառները կը գտնուին UNESCO-ի ժառանգութեան ցանկին մէջ գրանցուելու սեմին»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2023, 09:24