Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա կ՛արձագանգեն 11 ապրիլի արիւնալի դէպքերուն Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա կ՛արձագանգեն 11 ապրիլի արիւնալի դէպքերուն 

Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա կ՛արձագանգեն 11 ապրիլի արիւնալի դէպքերուն

Ֆրանսան լիակատար աջակցութիւն յայտնեց սահմանի հայկական կողմը տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան, որ, ըստ Փարիզի, առանցքային դեր ունի լարուածութիւնը նուազեցնելու առումով:
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի Տեղ գիւղի մօտակայքը արձանագրուած արիւնալի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւններ հրապարակեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնները:  

Արդարեւ, «Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական ծառայութեան հարցումին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանեց՝ գրելով հետեւեալը. «Կը ցաւինք 11 Ապրիլին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած մահացու բախումին համար, որ պատճառ դարձաւ քանի մը զոհերու: Կը ցաւակցինք զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն: Հակամարտութիւնը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում, իսկ վէճերը լուծելու համար ուժի կիրարկումը անընդունելի է: Կայուն խաղաղութեան միակ ուղին բանակցութիւններու սեղանին շուրջ է, իսկ ուժի կիրարկումը կը խափանէ բանակցութիւնները»: 

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարութիւն հրապարակեց միջադէպին վերաբերեալ՝ շեշտելով. «Յարգանքը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ շփման գիծի հայկական կողմի բռնագրաւուած դիրքերէն ատրպէյճանական ուժերու դուրսբերումը էական նշանակութիւն ունին ապագայ միջադէպերը կանխելու եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հիմերը պահպանելու համար»:

Փարիզ խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին՝ «հայկական տարածքին մէջ, Տեղ բնակավայրին մօտ տեղի ունեցած բռնութեան համար, որուն պատճառով երկու կողմերէն 7 զոհեր եւ կան քանի մը վիրաւորներ»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ այս միջադէպը կը վկայէ, որ սահմանազատումը պէտք է իրականացուի բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով՝ կոչ ուղղելով կողմերուն այս գծով ջանքերը շարունակելու:

Ֆրանսան լիակատար աջակցութիւն յայտնեց սահմանի հայկական կողմը տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան, որ, ըստ Փարիզի, առանցքային դեր ունի լարուածութիւնը նուազեցնելու առումով: «Առաքելութիւնը կը շարունակուի՝ ի նպաստ զինադադարի պահպանման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու շարունակութեան», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործող նախարարութիւնը արձագանգեց Ֆրանսայի յայտարարութեան՝ զայն «միակողմանի» ու «իրականութեան չհամապատասխանող» նկատելով եւ կոչ ուղղեց Փարիզին՝ զերծ մնալ նման յայտարարութիւններէ:

«Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան միակողմանի յարգման կարեւորութեան մասին յայտարարութիւնը, որ Հայաստանին կոչ չ՛ըներ յարգելու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը եւ Երեւանէն չի պահանջեր հայկական զինուած ուժերը դուրս բերել Ատրպէյճանի տարածքներէն՝ եռակողմանի յայտարարութեան եւ Փրակի հանդիպման արդիւնքներուն համաձայն, որուն մասնակցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահը, մեր երկրին նկատմամբ Ֆրանսայի կողմնակալ վերաբերմունքի օրինակ է», կը պնդէ Պաքու: 

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2023, 07:58