2023.04.06 Libano: Ritiro spirituale Deputati Cristiani nel santuario di Harissa

Հարիսայի Մէջ. 53 Երեսփոխաններ Մասնակցեցան «Բեթանիոյ» Հոգեւոր Առա

Ընդառաջելով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի հրաւէրին` 53 քրիստոնեայ երեսփոխաններ երէկ մասնակցեցան Հարիսայի «Բեթանիա» համալիրին մէջ տեղի ունեցած հոգեւոր առանձնացումի հանդիպումին:

Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան:

Հոգեւոր առանձնացումի հանդիպումը սկիզբ առաւ հոգեւոր զեկուցումով մը, որ ներկայացուց պատրիարքական փոխանորդ Անթուան Աուքար եպիսկոպոսը` անդրադառնալով «Փրկութիւնը` Աստուծոյ եւ հաւատացեալներու գործերուն միջեւ» թեմային:

Հոգեւոր առանձնացումի հանդիպումի աւարտին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն նախագահեց Ռայի պատրիարքը:

Ան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ ժողովուրդը իր ուրախութիւնը յայտնած է այս նախաձեռնութեան համար եւ յոյսեր ունի այս հանդիպումէն:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ իրենց հոգեւոր միասնականութեան գինը շատ սուղ է, որովհետեւ անիկա խաչին վրայ Յիսուս Քրիստոսի թափած արիւնն է:

«Այս սուրբ շաբթուան ընթացքին փափաքեցանք միասնաբար կատարել այս հոգեւոր մարզանքը, այն յոյսով, որ խաչին վրայ Յիսուս Քրիստոսի մահուան պտուղը կը քաղենք», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիաքը ընդգծեց, որ բռնատիրական եւ ոչ ծառայողական քաղաքականութիւնը անկարող է բոլորին հոգ տանիլ: «Իշխանութեան վարած սխալ քաղաքականութիւնը կը ճզմէ աղքատները, կը շահագործէ հայրենիքը, կ՛առերեսուի տագնապներու հետ եւ չի գիտեր երկխօսութիւն կատարել», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը աւելցուց, որ սէրը քաղաքական անձնաւորութիւնը աւելի եւս կը մօտեցնէ մարդ արարածին, յատկապէս անոնց, որոնք աւելի նուազ ուժ ունին:

«Ֆրանչիսկոս պապը կը հաստատէ, որ այն քաղաքականութիւնը, որ կը ջանայ անձնական եւ հատուածական բացեր ստեղծել, վատ քաղաքականութիւն է, իսկ այն քաղաքականութիւնը, որ կը ջանայ նորահաս սերունդներուն համար լաւ ապագայ մը կերտելու հիմեր ստեղծել, լաւ քաղաքականութիւն է», աւելցուց ան:

Ռայի պատրիարքը ներկայ երեսփոխաններէն պահանջեց, որ իւրաքանչիւրը ինքն իրեն տայ հետեւեալ հարցերը. «Ի՞նչ կատարած է, որպէսզի ժողովուրդը յառաջդիմէ: Իսկական ի՞նչ կապեր հիմնած է: Ընկերային քանի՞ խաղաղութիւն կերտած է: Իրեն վստահուած պատասխանատուութեան հիմամբ ի՞նչ նուաճումներ ծաւալած է: Ի՞նչ կատարած է դիւրացնելու համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը եւ վերաշխուժացնելու պետական հաստատութիւնները»:

Ս. պատարագէն ետք ներկաները Ռայի պատրիարքին ճաշի հիւրերը դարձան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2023, 07:56