ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու յատուկ լիազօրուած փորձագէտները Ազրպէյճանին կոչ ուղղած են անյապաղ ապահովելու Բերձորի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնը
3 ապրիլին հրապարակուած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յատուկ ընթացակարգերու հինգ լիազօրուած փորձագէտներու կողմէ Ազրպէյճանի կառավարութեան ուղղուած դիմումը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու` ապահովելու համար Բերձորի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու փորձագէտները, մասնաւորաբար, կը նշեն, որ Բերձորի միջանցքը միակ ուղին է, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը կապէ Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին հետ եւ ունի մարդասիրական մեծ նշանակութիւն: Շրջափակումը խափանած է պարէնի, դեղորայքի, վառելանիւթի եւ այլ կենսական ապրանքներու առաքումը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ 120.000 բնակչութեան: Մարդասիրական կացութիւնը վատթարացած է կազի մատակարարման պարբերական ընդհատումներով, ինչ որ խաթարած է բժշկական հաստատութիւններու աշխատանքը, փակուած են կրթական հաստատութիւնները:
Յատուկ լիազօրուած փորձագէտները խիստ մտահոգութիւն կ՛արտայայտեն, որ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբու շարունակական փակումը կրնայ ծանր մարդասիրական հետեւանքներ ունենալ բնակչութեան համար եւ խախտել անոնց իրաւունքները:
Հաղորդագրութիւնը ուղարկուած է ՄԱԿ-ի Պարէնի իրաւունքի հարցով յատուկ զեկուցողի, Հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցողի, Կրթութեան իրաւունքի հարցով յատուկ զեկուցողի, Ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան բարձրագոյն հասանելի չափանիշներէն օգտուելու իրաւունքի հարցով յատուկ զեկուցողի եւ Տարեցներու կողմէ մարդու բոլոր իրաւունքներէն օգտուելու հարցով անկախ փորձագէտի անունով:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ