Իսլամ-քրիստոնեայ՝ «միասնութեան սեղան» Իսլամ-քրիստոնեայ՝ «միասնութեան սեղան» 

Երկրաշարժէն ցնցուած Հաթայի մէջ. 36 Տարի անց իսլամ-քրիստոնեայ՝ «միասնութեան սեղան»

Իֆթարի սեղանին շուրջ ներկայ էր նաեւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ։ Տեղի ունեցաւ իսլամական հոգեւոր երգեցողութիւն, ապա ելոյթներ ունեցան կրօնապետներ եւ այլ հրաւիրեալներ։
Ունկնդրէ լուրը

Երկաշարժէն ցնցուած Հաթայի մէջ սարքուած է միասնականութեան սեղան մը՝ իսլամական աշխարհի Ռամազանի ծոմապահութեան՝ Իֆթարի առթիւ: Օրացոյցի զուգադիպութեամբ՝ 36 տարի վերջ առաջին անգամ միաստուածեան բոլոր կրօններու հետեւորդները նոյն ամսուան մէջ ծոմ պահած են։ Այս հանգամանքին խորհուրդը վառ դրսեւորում ունեցած է Հաթայի մէջ սարքուած Իֆթարի սեղանին ժամանակ։ Այս մասին կ'իմանանք Պոլսոյ  մեր պաշտօնակից «ԺԱՄԱՆԱԿ»էն:

Թերթը մասնաւորապէս կը գրէ՝

Երկաշարժէն ցնցուած Հաթայի մէջ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Լրջօրէն աւերուած քաղաքին մէջ սարքուեցաւ միասնականութեան սեղան մը։ Իսլամական աշխարհը ներկայիս Ռամազանի ծոմապահութեան շրջանին մէջ կը գտնուի։ Միեւնոյն ժամանակ, օրացոյցի զուգադիպութեամբ՝ 36 տարի վերջ առաջին անգամ միաստուածեան բոլոր կրօններու հետեւորդները նոյն ամսուան մէջ ծոմ պահած են։ Այս հանգամանքին խորհուրդը երէկ վառ դրսեւորում մը ունեցաւ Հաթայի մէջ սարքուած Իֆթարի սեղանին ժամանակ։ Պէյօղլուի քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզի նախաձեռնութեամբ այս հաւաքոյթին մասնակցեցան Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդները։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, Ասորի Ուղղափառաց Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտը, Իսթանպուլի Լատին կաթոլիկներու պապական փոխանորդ Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպիսկոպոսը, նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Բոլոր հոգեւոր առաջնորդներուն առընթեր հրաւիրուած էին նաեւ տուեալ համայնքներէն աշխարհական վարիչներ։ Մեր համայնքին կողմէ ներկայ էին նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ անդամներէն Տայք Միսիսօղլու։ Ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Օդային ճամբով Իսթանպուլէն Հաթայ մեկնելէ վերջ ուղեւորութեան մասնակիցները այցելեցին զանազան սրբավայրեր՝ ներառեալ Ս. Պետրոսի քարայր-եկեղեցին։ Անոնք այցելեցին նաեւ երկրաշարժի հետեւանքով աւերուած թաղամասեր։

Իֆթարի սեղանին շուրջ ներկայ էր նաեւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ։ Տեղի ունեցաւ իսլամական հոգեւոր երգեցողութիւն, ապա ելոյթներ ունեցան կրօնապետներ եւ այլ հրաւիրեալներ։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ըսաւ, որ Հաթայն ու Պէյօղլուն իրարու կը նմանին իրենց սահմաններուն մէջ ապրող զանազան դաւանանքներէ, կրօններէ եւ ցեղերէ բնակիչներով։ Այս մէկը հարստութիւն մըն է։ «Եւ այս բանին բարիքը բոլորս տեսանք, երբ աղէտի օրերուն աշխարհի չորս կողմերէն մարդիկ օժանդակութեան փութացին», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ շնորհաւորութիւններ յղեց իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ։

Հաւաքոյթի փակման խօսքը արտասանեց խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ։

Ուղեւորութեան մասնակիցները նոյն գիշերուան թռիչքով վերադարձան քաղաքս։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2023, 08:57