Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը դարձեալ կ՛արգիլուի Պոլսոյ մէջ
«Ապրիլ 24ի ոգեկոչման հարթակը»ին կողմէ կազմակերպուող Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւնը, որ տեղի պիտի ունենար Պոլսոյ մէջ, Ապրիլ 21ին արգիլուեցաւ Պոլսոյ նահանգապետարանին կողմէ։ Նահանգապետարանը նախորդ տարի եւս արգիլեց ոգեկոչման արարողութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ ոգեկոչումները 2010էն 2019 անխափան տեղի ունեցած էին եւ կասեցուած էին համաճարակի տարիներուն։
Հարթակը այս որոշումէն ետք յայրատատեց հետեւեալը․ «Ոչ մէկ ողջամիտ հիմնաւորում կայ այս տարի մեր ոգեկոչումը արգելելու համար։ Մինչ ազգայնամոլներու հաւաքները եւ ցոյցերը տեղի կ՛ունենան ազատօրէն, անընդունելի է արգիլել այս ձեռնարկը, որուն ընթացքին մենք յարգանքով պիտի ոգեկոչէինք բոլոր անձերը, զորս կորսնցուցինք 1915ին։ Ոգեկոչման մեր ձեռնարկը արգիլելով՝ նահանգապետարանը յստակօրէն ցոյց տուաւ, որ դէմ է ժողովրդավարացման ջանքերուն։ Կոչ կ՛ընենք նահանգապետարանին, որ հրաժարի այս որոշումէն»։
Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւունքներու ընկերակցութեան Ընդդէմ ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան յանձնախումբը Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ծրագիրի ծիրին մէջ, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլին, Թաքսիմի իր գլխաւոր գրասենեակին առջեւ մամլոյ յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ։
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ