A view shows residential buildings at Beirut's seaside Corniche

Եւրոպական Միութիւնը 60 միլիոն եւրոյի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրեց Լիբանանին

«Լիբանան կարիքը ունի բարեկարգումներու, հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ ամբողջական լիազօրութիւններ վայելող կառավարութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան: Այս է միակ ձեւը Լիբանանին օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ լիբանանեան տնտեսութեան ապաքինման յոյսի նշոյլներ ներշնչելու»

Եւրոպական Միութեան տագնապներու տնօրինման ներկայացուցիչ Եանիզ Լինարչիչ յայտնեց, որ Լիբանան իր կատարած այցելութեան նպատակն էր Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը յայտնել` երկրին դիմագրաւած այս դժուար ու տագնապալի պայմաններուն ընթացքին, երբ քաղաքական հորիզոններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ զանազան տագնապներու կողքին երկիրը կը դիմագրաւէ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու մարտահրաւէրը:

Լինարչիչ շեշտեց, որ Եւրոպական. Միութիւնը, որ 12 տարիէ ի վեր կ՛օժանդակէ սուրիացի տեղահանուածներուն, ինչպէս նաեւ զանոնք հիւրընկալող լիբանանցիներուն, պիտի շարունակէ իր աշխատանքը:

Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ վերջին ժամանակաշրջանին կարիքաւոր լիբանանցիներու թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ:

Լինարչիչ ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը 60 միլիոն եւրոյի մարդասիրական օժանդակութիւն մը տրամադրած է Լիբանանին` աւելցնելով, որ այդ գումարը 20 առ հարիւրով աւելի կը նկատուի բաղդատած անցեալ տարուան օժանդակութեան:

Լինարչիչ  ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի աւելիին:

«Լիբանան կարիքը ունի բարեկարգումներու, հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ ամբողջական լիազօրութիւններ վայելող կառավարութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան: Այս է միակ ձեւը Լիբանանին օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ լիբանանեան տնտեսութեան ապաքինման յոյսի նշոյլներ ներշնչելու», եզրափակեց Լինարչիչ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2023, 09:25