Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
2023.04.20   Vandalismo a Baku nel cimitero cristiano

Պաքուի մէջ՝ վանտալիզմ. Մոսկուա կը դատապարտէ

«Հաշուի առնելով այս անուայել գործողութեան մաշտապները՝ դժուար է այն համարել պատահական խուլիկանական արարք։ Ցաւալի է, որ այդ տեղի ունեցաւ հանդուրժողականութեան եւ բազմամշակութայնութեան քաղաքականութիւն վարող Ատրպէյճանի մէջ»,-ըսուած է Ռուսիոյ դեսպանատան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Պաքուի մէջ վանտալները քրիստոնէական գերեզմանատուն աւերած են, գրած է «Արցախփրէս»-ը՝ յղում ընելով Readovka թելեկրամ ալիքին:

Անյայտ անձինք ներխուժած են ռուսական գերեզմանատուն եւ պղծած գերեզմաններու հսկայական մասը։

Հրապարակման մէջ նշուած է, որ պատճառը ազգային եւ կրօնական անհանդուրժողականութիւնն է:

Այժմ գերեզմանոցին մէջ վերականգնողական աշխատանքներ կ'ընթանան։ Հարկ է նշել, որ սա ռուսական կամ հայկական ազգանուններով տապանաքարերու պղծման առաջին դէպքը չէ։  

Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը վրդովեցուցած է Պաքուի ռուսական գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած վանտալիզմը, որու հետեւանքով աւերուած է մօտ 100 գերեզման։ Դիւանագիտական ​​առաքելութիւնը միջադէպը մեկնաբանած է Telegram-ի էջին:

«Հաշուի առնելով այս անուայել գործողութեան մաշտապները՝ դժուար է այն համարել պատահական խուլիկանական արարք։ Ցաւալի է, որ այդ տեղի ունեցաւ հանդուրժողականութեան եւ բազմամշակութայնութեան քաղաքականութիւն վարող Ատրպէյճանի մէջ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։ 

Դեսպանատունը աւելցուցած է, որ իր աշխատակիցները դէպքի վայր մեկնած են՝ ուսումնասիրելու բոլոր մանրամասները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած են Ատրպէյճանի ղեկավարութեան միջադէպին անմիջապէս արձագանգելու համար։

Աղբիւրը Արեւելք 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2023, 08:17
Prev
January 2025
SuMoTuWeThFrSa
   1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031 
Next
February 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728