Պաքուի մէջ՝ վանտալիզմ. Մոսկուա կը դատապարտէ
Պաքուի մէջ վանտալները քրիստոնէական գերեզմանատուն աւերած են, գրած է «Արցախփրէս»-ը՝ յղում ընելով Readovka թելեկրամ ալիքին:
Անյայտ անձինք ներխուժած են ռուսական գերեզմանատուն եւ պղծած գերեզմաններու հսկայական մասը։
Հրապարակման մէջ նշուած է, որ պատճառը ազգային եւ կրօնական անհանդուրժողականութիւնն է:
Այժմ գերեզմանոցին մէջ վերականգնողական աշխատանքներ կ'ընթանան։ Հարկ է նշել, որ սա ռուսական կամ հայկական ազգանուններով տապանաքարերու պղծման առաջին դէպքը չէ։
Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը վրդովեցուցած է Պաքուի ռուսական գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած վանտալիզմը, որու հետեւանքով աւերուած է մօտ 100 գերեզման։ Դիւանագիտական առաքելութիւնը միջադէպը մեկնաբանած է Telegram-ի էջին:
«Հաշուի առնելով այս անուայել գործողութեան մաշտապները՝ դժուար է այն համարել պատահական խուլիկանական արարք։ Ցաւալի է, որ այդ տեղի ունեցաւ հանդուրժողականութեան եւ բազմամշակութայնութեան քաղաքականութիւն վարող Ատրպէյճանի մէջ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Դեսպանատունը աւելցուցած է, որ իր աշխատակիցները դէպքի վայր մեկնած են՝ ուսումնասիրելու բոլոր մանրամասները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած են Ատրպէյճանի ղեկավարութեան միջադէպին անմիջապէս արձագանգելու համար։
Աղբիւրը Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ