Սանթա Մարիա ին Թրասթեւերէ Սանթա Մարիա ին Թրասթեւերէ  (ANSA)

Հռոմի մէջ Աղօթքի հսկում ի յիշատակ ժամանակակից նահատակներուն

Համամիութենական աղօթքի հսկումին կը նախագահէ Սուրբ Աթոռի կղերի վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Լածծարօ Եու ՀԷունկ-Սիք։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 3 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6,30ին, հռոմի Թրասթեւերէ շրջանին մէջ գտնուող Տիրամօր նուիրուած տաճարէն ներս տեղի կ՝ունենայ աղօթքի հսկում նուիրուած մեր ժամանակուան նահատակներուն եւ որուն ընթացքին կը կարդացուի Աւետարանի հաւատարիմ մնացած ու սպաննուած անձերուն անուններն ու պատմութիւնները։

Սուրբ Բարթողոմէոս կղզիին մէջ Ի եւ ԻԳ դարերու նոր նահատաներուն նուիրուած յուշահամիլիրի բացումէն ետք, երկուշաբթի, 3 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6-30ին, կազմակերպութեամբ «Սան Էճիտիօ» հասարակութեան, Թրասթեւէրէ շրջանի «Սանթա Մարիա Ին Թրասթեւրէ» տաճարէն ներս տեղի կ՝ունենայ աղօթքի հսկում ի յիշատակ բոլոր անոնց, որոնք Աւետարանին հաւատարիմ մնացած ըլլալնուն համար սպաննուեցան, հալածուեցան ու զրկուեցան իրենց ազատութենէ՝ մեզի ժամանակից նահատակներուն ի յիշատակ։ Աղօթքի հսկումի ընթացքին պիտի կարդացուին Աւետարանի այդ վկաներու անուններն ու պատմութիւնները կրկնելով ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը. «Այսօր՝ 21 դարուն, մեր եկեղեցին մարտիրոսներուն եկեղեցին է»։

Աղօթքի հսկումի մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, թէ աշխարհի մէջ կան վայրեր, ուր մարդիկ կը սպաննուին, որովհետեւ եկեղեցի կ՝երթան, ուր քրիստոնեայ դպրոցներ ու եկեղեցիներ կը հրկիզուին եւ կը քանդուին եւ  մարդիկ կը վտանգուին, կը սպաննուին կամ կ՝ահաբեկուին, որովհետեւ երիտասարդներ կը կրթեն կամ ալ դուրս կը հանեն ոճրագործութեամբ զբաղող խումբերէն։

Յայտնենք, թէ համամիութենական աղօթքի հսկումին կը նախագահէ կղերի վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Լածծարօ Եու ՀԷունկ-Սիք։

Աղօթքի հսկումի արարողութեան կարելի է հետեւել առցանց հետեւեալ կայքէջի միջոցաւ  www.santegidio.org 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2023, 13:14