2023ի առաջին չորս ամիսներուն, «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը 1.1 միլիոնի դեղորայք հայթայթած է Հայաստանին եւ Արցախին
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, Քալիֆորնիա,- 2023ի առաջին չորս ամիսներուն, «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը վեց տարբեր առաքումներով դեղորայք հայթայթած է Հայաստանին եւ Արցախին։ Ուղարկուած ապրանքներուն ընդհանուր արժէքն է 1.1 միլիոն տոլար, որուն 152,000 տոլարի համարժէքը տրամադրուած է Արցախին։ Դեղորայքի բոլոր վեց առաքումները նուիրուած էին Սանթա Պարպարայէն Direct Relief կազմակերպութեան կողմէ՝ «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամին խնդրանքով։
Հակառակ անոր որ Ատրպէյճան աւելի քան չորս ամիսէ ի վեր շրջափակած է Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը, Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէն յաջողեցաւ Արցախ հասցնել հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղերու առաքումները։
Արցախ ուղարկուած բժշկական ապրանքները կը ներառնէին 350 պարկ Metronidazole, 118 շիշ Isoflurane (Forane), 4230 սրուակ Tranexamic Acid, 12,500 սրուակ Dexamethasone, 15,080 պարկ Sodium Chloride, եւ բազմաթիւ սնտուկներով Olmesartan, Amlodipine Besylate, Colesevelan, Naproxen, եւ N-95 բժշկական որակի դիմակներ։ Աւելին, Հայաստան եւ Արցախ կատարուած առաքումները կը ներառնէին Similac մակնիշի 1568 թիթեղատուփ մանուկներու ուտելիք (baby formula), եւ 1670 հատ Vital մակնիշի կենսանիւթ (oral nutritional supplement), որոնք բոլորն ալ անմիջականօրէն անհրաժեշտ են, յատկապէս Արցախի մէջ։
«Չափազանց բարձր կը գնահատենք Direct Relief-ի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի համար նուիրուած, կեանք փրկող դեղերը, ինչպէս նաեւ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէին տրամադրած անյապաղ օգնութիւնը՝ զանոնք Արցախի մէջ շրջափակուած 120,000 հայութեան հասցնելու նպատակին համար», յայտնեց «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան։
Անցնող 34 տարիներուն, «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական հիմնադրամը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 973 միլիոն տոլարի ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ մեծաւ մասամբ դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ, 158 թռիչքներով եւ 2555 ծովային արկղերով։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամի գրասենեակ, (818) 241-8900 հեռաձայնի թիւով կամ sassoun@pacbell.net հասցէով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ