Հակդրութ Հակդրութ 

Ազրպէյճանցիները վանտալութեան ենթարկած են Հադրութի կեդրոնական գրադարանը

«Հադրութի կեդրոնական գրադարանին շէնքը կառուցուած էր 1932 թուականին: ազրպէյճանցիներուն հրապարակած տեսանիւթէն կ՝երեւի, որ գրադարանի շէնքէն գրեթէ ոչինչ մնացած է»,- ըսած է գրադարանի տնօրէնը։

Ազրպէյճանցիները աւերած են բռնագրաւուած Հադրութ քաղաքի կեդրոնական գրադարանը։

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, տեղեկացուցած է Հադրութի Աւ. Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանի տնօրէն՝ Վարսիկ Ամիրջանեանը, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տարածած տեսանիւթին մէջ նկատած է, որ շինութիւնը կը բացակայի:

«Հադրութի կեդրոնական գրադարանին շէնքը կառուցուած էր 1932 թուականին: ազրպէյճանցիներուն հրապարակած տեսանիւթէն կ՝երեւի, որ գրադարանի շէնքէն գրեթէ ոչինչ մնացած է»,- ըսած է գրադարանի տնօրէնը։

Անոր խօսքով՝ 2020 թուականի տուեալներով գրադարանի ֆոնտը կը կազմէր մօտ` 39,720 գիրք։ Ունէինք մօտ 750-800 ընթերցող: Այս պահուն գրքային ֆոնտէն տեղեկութիւն չկայ»,- նշած է Վ. Ամիրջանեանը՝ աւելցնելով, որ պիտի դիմեն Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդին՝ ազրպէյճանական մշակութային հերթական վանտալութեան դրսեւորումը միջազգային ատեաններուն մէջ բարձրաձայնելու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2023, 08:25