Գահիրէ ջանքեր կը գործադրէ Կազայի մէջ հրադադար հաստատելու ուղղութեամբ
Եգիպտոսը կը միջնորդէ, որպէսզի վերջ գտնեն Իսրայէլ-Կազա փոխադարձ հարուածումները։ Այս մասին գրած է Reuters-ը։
10 Մայիսիսն Իսրայէլ հարուածած է Կազայի մէջ «Իսլամական ճիհատի» թիրախները, իսկ պաղեստինցի գրոհայինները հարիւրաւոր հրթիռներ արձակած էին սահմանէն այն կողմ՝ ազդանշաններ արձակելով մինչեւ Թէլ Աւիւ։ Եգիպտոսը սկսած է ջանքեր գործադրել՝ դադրեցնելու մարտերը:
«Անդրսահմանային կրակի երկրորդ փուլը մէկ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ, երբ Իսրայէլը երեքշաբթի օր հարուածներ հասցուց «Իսլամական ճիհատի» երեք հրամանատարներու, որոնք, ըստ անոր, ծրագրած էին յարձակումներ իսրայէլցիներու դէմ՝ ամիսներ շարունակ աճող բռնութիւններէն ետք»,- գրած է Reuters-ը:
«Իսլամական ճիհատի» խօսնակ Տավուտ Շեհապը Reuters-ին ըսած է, որ Գահիրէն, որ միջնորդած է մարտերու նախորդ փուլերուն, սկսած է փորձել միջնորդել հրադադարի հաստատումը:
«Իսրայէլը կը քննէ Եգիպտոսի առաջարկները»,-ըսած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենը երկրի հանրային հեռուստաընկերութեան:
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն եթերի ժամանակ ըսած է, որ «Իսլամական ճիհատը» լուրջ հարուած ստացած է, եւ զգուշացուցած է. «Արշաւը դեռ չէ աւարտած»։
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ