Ֆրանսիայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա Ֆրանսիայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա  (AFP or licensors)

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Արցախը կոչեց Ատրպէյճանի կազմին մէջ միջերկիր

«Մենք պէտք է տարբերենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակէն, որ միջերկիր է Ատրպէյճանի մէջ` հայերով բնակեցուած», ըսաւ Քոլոնա:

Ֆրանսիայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա «Ֆրանս Էնթեր»ին (France Inter) տուած հարցազրոյցին ընթացքին Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղը) կոչեց «միջերկիր (enclave) Ատրպէյճանի կազմին մէջ»:

«Մենք պէտք է տարբերենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակէն, որ միջերկիր է Ատրպէյճանի մէջ` հայերով բնակեցուած», ըսաւ Քոլոնա:

Ան, ըստ Crossroads-ի, յայտնեց, որ Ֆրանսա հաւատարիմ է երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին նպաստելուն եւ աւելցուց, որ Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի դիրքորոշումը այն է, որ Լաչինի միջանցքի փակումը պէտք է վերացնել առանց որեւէ պայմանի:

Քոլոնա յայտարարեց 1 Յունիսին Քիշնեւի մէջ` Եւրոպական քաղաքական համայնքի 2րդ գագաթնաժողովի ծիրին մէջ, Փաշինեանի եւ Ալիեւի հաւանական հանդիպման մասին:

Ասոր զուգահեռ, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին աջակցութեամբ, պելճիքացի եւ ֆրանսացի 32 քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ որդեգրեցին յայտարարութիւն մը, որուն միջոցաւ դատապարտեցին Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի անցակէտի տեղադրումը եւ Արցախի բնակչութեան կրկնակի շրջափակումը:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Կը դատապարտենք Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը, որ կը խորացնէ մարդասիրական ճգնաժամը Արցախի մէջ եւ կը վատթարացնէ տարածաշրջանի փխրուն ապահովութիւնը: Այս յայտարարութեամբ մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ կատարելու իր պարտաւորութիւնները, անյապաղ բանալու Լաչինի միջանցքը, հեռացնելու անցակէտը, դադրեցնելու թշնամական քաղաքականութիւնը Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ եւ հանդէս գալու իբրեւ միջազգային հանրութեան պատասխանատու անդամ»:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան արձագանգեց այս նախաձեռնութեան՝ ըսելով, որ բարձր կը գնահատէ նման նախաձեռնութիւնները՝ քաղաքական եւ հասարակական անձերու կողմէ, որոնք Պելճիքայի եւ Ֆրանսայի մէջ յարգանք կը վայելեն քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու մէջ: «Ասիկա քաղաքացիական գործիք է, որ կը ստիպէ Եւրոպական երկիրներուն մէջ եւ Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութեան այս հարցը օրակարգի վրայ պահել եւ յստակ քայլերու ձեռնարկել այս ուղղութեամբ: Մենք ալ մեր կարգին կը շարունակենք մեր ամէնօրեայ աշխոյժ աշխատանքը քաղաքական եւ հասարակական զանազան շրջանակներու հետ, որպէսզի Արցախի հարցին վերաբերեալ ընդունուին հայանպաստ եւ բարենպաստ որոշումներ ու կատարուին գործողութիւններ»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2023, 09:29