Միրզոյեան, Պլինքըն եւ Պայրամով քննարկեցին տարածաշրջանի ապահովական կացութիւնը
1 Մայիսին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի, Էնթընի Պլինքընի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ապահովական իրավիճակին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով ստեղծուած մարդասիրական կացութեան:
Երեքով հանդիպումէն առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Միրզոյեանի եւՊայրամովի հետ:
Պաշտօնական Երեւանը հաղորդեց, որ Միրզոյեան ու Պլինքըն քննարկեցին տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան վերաբերող հարցեր եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:
Ըստ «Ազատութեան»՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք ծանօթ են 1 Մայիսի քննարկումներուն, «կառուցողական» նկատեցին զանոնք՝ դիտել տալով, որ անոնք քանի մը օր պիտի տեւեն:
Ուաշինկթըն ինչպէս նախապէս, հիմա եւս կարեւոր կը նկատէ կողմերուն ուղիղ երկխօսութիւնը, որուն նպատակը երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումն է:
«Մենք յոյս ունինք, որ այս շաբաթուան ընթացքին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները անկեղծ ու ուղիղ քննարկումներ պիտի ունենան՝ կարգաւորում գտնելու ճամբուն վրայ: Եւ մենք յանձնառու ենք աջակցելու այս ջանքերուն», նշեցին նախարարութենէն պատասխանատուներ:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ