Negotiations between the Foreign Ministers of Russia, Azerbaijan and Armenia

Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ Հանդիպում Մոսկուայի մէջ

Հանդիպումը աւարտեցաւ առանց միացեալ յայտարարութեան կամ փաստաթուղթի ստորագրութեան

26 Մայիսին Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը։

Քննարկուեցան շրջանային փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր։ Համաձայնութիւն գոյացաւ աշխատանքները շարունակել մէկ շաբաթէն՝ երեք երկիրներու փոխվարչապետներու հանդիպումին ծիրին մէջ։

«ՌԻԱ Նովոսթի»ի համաձայն՝ եռակողմանի հանդիպումը տեւեց շուրջ 20 վայրկեան։

Փութին հանդիպումին մասին ըսաւ. «Ընդհանուր առմամբ, իմ կարծիքովս, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ խնդիրներուն, որոնք դեռ բաւականաչափ են, իրավիճակը կը զարգանայ կարգաւորման ուղղութեամբ: Այդ ուղղութիւններէն մէկը երթեւեկային հաղորդակցութիւններու ուղղութեամբ աշխատանքն է: Մենք երեքով տակաւին նոր, դէմ առ դէմ, բաւական մանրակրկիտ այդ մասին խօսեցանք եւ ցարդ տակաւին կան չկարգաւորուած հարցեր»։

Ըստ Ռուսիոյ նախագահին՝ հարցերը եզրաբանական են, զուտ թեքնիք բնոյթ ունին, սակայն պէտք է հիմնուած ըլլան իրողութիւններու ճշգրիտ ընկալման վրայ։ «Սակայն, մեր կարծիքով, անոնք յաղթահարելի խոչընդոտներ են», ըսաւ Փութին։

Ան նաեւ նշեց, որ Արցախի կացութիւնը կը զարգանայ լուծման ուղղութեամբ՝ հակառակ խնդիրներուն։

Փութին նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետները մէկ շաբաթէն պիտի հանդիպին՝ «չլուծուած խնդիրները վերացնելու համար»։ Կողմերը պիտի քննարկեն շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը։

Փութինի խօսքէն ետք կողմերը անցան բանակցութիւններու փակ ձեւաչափին։

Հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք՝ անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ չլուծուած թեքնիք խնդիրներու, ըսաւ. «Խօսքը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը կտրելու ընթացակարգի մասին է. ինչպէ՞ս պիտի իրականացուի սահմանային ու մաքսային հսկողութիւնը»։

Ըստ անոր՝ անոնք թեքնիք, սակայն շատ կարեւոր մանրամասնութիւններ են, եւ այս հարցը պիտի քննարկեն երեք երկիրներու փոխվարչապետները մէկ շաբաթ ետք կայանալիք հանդիպումի ընթացքին։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2023, 07:10