ՕԹԱՆի դրօշակը ՕԹԱՆի դրօշակը  (REUTERS)

ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովը Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ «Յանցագործութիւնները» միաձայնութեամբ ճանչցած է իբրեւ «Ցեղասպանութիւն»

Հռչակագիրը կ՛աջակցի ռուսական զինուորական յանցագործութիւններու համար միջազգային դատարանի ստեղծման եւ կը խոստանայ Ուքրանիոյ օգնել յաղթելու:

ՕԹԱՆ-ի երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովը Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ «յանցագործութիւնները» միաձայնութեամբ ճանչցած է իբրեւ «ցեղասպանութիւն»: «Կոլոսամերիքի» կը գրէ, որ այս մասին ըսած է Լիւքսամպուրկի մէջ ընթացող վեհաժողովի մէջ Ուքրանիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Եկոր Չեռնեւ:

«Ասիկա մեր դիւանագիտական յաղթանակն է: Հռչակագիրի վերջնական բնագիրին առնչուած մեր բոլոր հիմնական ցանկութիւնները հաշուի առնուած են», ըսած է Չեռնեւ:

Հռչակագիրը կ՛աջակցի ռուսական զինուորական յանցագործութիւններու համար միջազգային դատարանի ստեղծման եւ կը խոստանայ Ուքրանիոյ օգնել յաղթելու:

Վեհաժողովի մասնակիցները յայտարարած են իրենց յանձնառութիւնը վերականգնելու Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, կիրարկելու հետագայ պատժամիջոցները եւ օգնել վերականգնելու երկրի տնտեսութիւնը Մարշալի ծրագիրին համաձայն:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր տեսաուղերձին մէջ բարձր գնահատած է ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի հռչակագիրը:

«Իրերը իրենց անուններով կոչուած են` մեր պետութեան դէմ Ռուսիոյ յանցագործութիւններու յստակ ճանաչում` իբրեւ ցեղասպանութիւն, ֆաշական գաղափարախօսութեան յստակ դատապարտում: Ասիկա ճիշդ հիմք է նաեւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու համար», ըսած է ան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2023, 08:00