2018.12.21 Bandiera UE

ԵԽԽՎ-էն նոր կոչ՝ «Վերաբանալ Լաչինի միջանցքը»

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճան 2023 թուականի ապրիլի 23-ին միակողմանիօրէն փակելով Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը, խախտած է 2020-ի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագիրը՝ մարդասիրական ծանր հետեւանքներ ստեղծելով տեղի 120 հազար բնակիչի համար:

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 40 խորհրդարանական պահանջած է Ատրպէյճանէն անյապաղ վերջ դնել Լաչինի միջանցքի անօրինական շրջափակման: 

Խորհրդարանականները յորդորած են Ատպէյճանը անյապաղ կատարել պարտադիր ուժ ունեցող Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) միջանկեալ միջոցները ու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը, որ կը պարտաւորեցնէ Ատրպէյճանին երկկողմանի անխոչընդոտ տեղաշարժ ապահովել Լաչինի միջանցքով: Այս մասին յայտնած են եւրոպայի խորհուրդի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութենէն։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճան 2023 թուականի ապրիլի 23-ին միակողմանիօրէն փակելով Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը, խախտած է 2020-ի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագիրը՝ մարդասիրական ծանր հետեւանքներ ստեղծելով տեղի 120 հազար բնակիչի համար:

Յորդորած են Ատրպէյճանը բարեխղճօրէն համագործակցիլ միջազգային կառոյցներուն հետ եւ թոյլատրել փաստահաւաք այցերը Լեռնային Ղարաբաղ։

Խորհրդարանականները կոչ ըրած են Եւրոպայի խորհուրդին ձեռնարկելու գործուն քայլերու՝ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մարդկային իրաւանցը։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2023, 09:27