2023.06.24 Chiesa armena della Risurrezione di Berdzor trasformata in moschea

Ազրպէյճան կրախիճէ ապատնէշով փակած է Բերձորի միջանցքը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Միջազգային ընտանիքին խօսքէն գործի անցնելու

Արցախը ամբողջական շրջափակման մէջ պահելէ եւ յաւելեալ ճգնաժամի մտահոգութիւն յառաջացնելէ շաբաթ մը ետք, ատրպէյճանցիները 22 Յունիսին,  Հակարիի կամուրջի իր կողմը, անցակէտէն ոչ շատ հեռու, կրախիճէ պատնէշներ տեղադրեց՝ ամբողջութեամբ փակելով կամուրջը։

Այս մասին հաղորդեց Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ հրապարակելով տեսանիւթ մը, ոռուն մէջ յստակօրէն կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ատրպէյճանցիները՝ ռուս խաղաղապահներուն ներկայութեան, կը տեղադրեն պատնէշները Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճամբուն վրայ: Աշխատանքներու աւարտին ռուս խաղաղապահները հեռացան տարածքէն:

Ստեփանակերտ Պաքուի այս քայլը սադրանք եւ յանցաւոր գործողութիւն նկատեց` շեշտելով, որ Ատրպէյճան կ՛արգիլէ նոյնիսկ Կարմիր Խաչի եւ խաղաղապահներու երթեւեկը: «Ընդամէնը մէկ ամսուայ ընթացքում Լաչինի միջանցքով անցնող ճանապարհի վրայ ապօրինի տեղադրած եւ գովազդած իր անցակէտն Ադրբեջանը վերածել է զրահատեխնիկայով, ինժեներական (ճարտարագիտական) արգելապատնէշներով եւ զինուած անձնակազմով համալրուած ռազմական յենակէտի», յայտարարեց Ստեփանակերտ։

Հակարիի անցակէտով Ատրպէյճան ելեւմուտքը արգիլեց 15 Յունիսին՝ հայկական հատուածին մէջ Ատրպէյճանի դրօշի տեղադրման` կրակոցներով ուղեկցուած միջադէպէն ետք:

«Փաստօրէն, ի լրումն ապօրինի անցակէտի եւ զրահամեքենաների միջոցով ճանապարհի արգելափակման` Ադրբեջանն այժմ ցուցադրական կերպով փակում է ճանապարհը` բացառելով ցանկացած տեղաշարժ, այդ թւում` Կարմիր Խաչի եւ խաղաղապահների կողմից: Այս դէպքը հերթական անգամ ցուցադրում է ադրբեջանական իշխանութիւնների յանցաւոր նպատակները` Արցախի ժողովրդին ամբողջապէս մեկուսացնել արտաքին աշխարհից եւ կիրառել բռնաճնշումների բոլոր մեթոդները», կ՛ըսուի Արցախի տեղեկատուական շտաբի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի զինուժը պաշտպանութեան բանակի դիրքեր եւ գիւղեր թիրախ կը դարձնէ: 22 Յունիսին, ատրպէյճանցիները կրակեցին Մարտակերտի շրջանի Ճանկաթաղ գիւղի բնակելի տուներէն մէկուն ուղղութեամբ՝ վնասելով տանիքը։

Ատրպէյճանական դիրքերը գիւղէն անզէն աչքով տեսանելի են՝ նոյնիսկ ատրպէյճանցիներուն շարժումները, եւ ձայները կը լսուին Ճանկաթաղի մէջ: Պարբերաբար ատրպէյճանցիները կը կրակեն նաեւ գիւղին մօտ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ թիրախ դարձնելով նաեւ բնակելի հատուածը, այդ պատճառով, գիւղացիները զգուշաւոր վիճակի մէջ են։  Յաճախ կրակ կը բացուի նաեւ գիւղատնտեսական աշխատանք կատարող երկրագործներու ուղղութեամբ։

Արցախի ոստիկանութիւնը դէպքերուն մասին կը հաղորդէ են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:

ԱՐՑԱԽԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ՝ ԽՕՍՔԷՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ԳՈՐԾԻ

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ շեշտելով, որ տեղի ունեցածը կ՛ապացուցէ, որ ատրպէյճաներու բոլոր գործողութիւնները ունին կանխամտածուած եւ ծրագրուած բնոյթ ու նպատակ ունին Արցախի մէջ հայերուն կեանքը անկարելի դարձնել։

Արցախէն կոչ ուղղեցին՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրած կողմերուն, եւ առաջին հերթին` Ռուսիոյ, ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն՝ ապահովելու իր ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու անշեղ եւ ամբողջական իրականացումը: «Միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն ենք հրաւիրում այն փաստի վրայ, որ արդէն 9րդ օրն է, ինչ Ադրբեջանը շարունակում է ամբողջովին եւ անօրինական կերպով արգելափակել Լաչինի միջանցքը, որի նկատմամբ վերահսկողութիւնը, համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի Եռակողմ յայտարարութեան 6րդ կէտի, վերապահուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

«Դիմում ենք ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդին, որը կրում է միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման առաջնային պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան բոլոր պատասխանատու անդամներին, ներառեալ առանձին երկրների եւ միջազգային կազմակերպութիւնների ղեկավարութիւններին, խօսքից գործի անցնել եւ Պաշտպանութեան համընդհանուր պատասխանատուութեան շրջանակներում ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` կանխելու Ադրբեջանի կողմից Արցախի եւ նրա ժողովրդի դէմ իրականացուող ռազմական յանցագործութիւնները, էթնիկ (ցեղային) զտումները եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ Լաչինի միջանցքով ճամբու ամբողջական արգելափակման պատճառով, 15 Յունիսէն ի վեր դադրած են Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ բնակչութեան անհրաժեշտ մարդասիրական բեռներու, մասնաւորապէս` պարէնի եւ առաջին անհրաժեշտութիւն ունեցող այլ ապրանքներու բոլոր փոխադրումները: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ չի կատարուիր Արցախէն Հայաստանի բժշկական հաստատութիւններ ծանր հիւանդներու տեղափոխումը, ինչպէս նաեւ կենսական նշանակութիւն ունեցող դեղերու մատակարարումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2023, 08:11