Հնդկաստանի մէջ երեք գնացքներու բախման պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր
Հնդկաստանի Օտիշա նահանգին մէջ երեք գնացքներու բախման պատճառով զոհերու թիւը գերազանցեց 300-ը: Վիրաւորներուն թիւը 1100 է:
«Աբննիուզ» օրաթերթին տուեալներով` տեղւոյն հիւանդանոցները այժմ գերծանրաբեռնուած են: Միւս նահանգներէն բժիշկներ կը շարունակեն հասնիլ շրջան:
Հիւանդանոցները գտնուող շուրջ 100 վիրաւորներու վիճակը կը գնահատուի ծանր:
Դէպքի վայրին մէջ կը կատարուին վերականգնողական աշխատանքներ, որոնց կը մասնակցին աւելի քան 1000 մարդիկ, եւ կ՛օգտագործուին յատուկ սարքեր:
«Եուրոնիուզ» հաղորդեց, որ հետաքննիչները կը յայտնեն, որ արագընթաց գնացքներէն մէկը սխալ երկաթուղիի վրայ էր: Ելեկտրոնային ազդանշանի համակարգի խանգարումը պատճառ դարձած է, որ գնացքը իր ընթացքը շարունակէ սխալ երկաթուղիի վրայ:
Աղբիւրը Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ