Գերպ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հովուապետական ուխտագնացութիւնը՝ դէպի հարաւ արեւելք
31 Մայիսի վաղ առաւօտեան Գերպ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, խումբ մը հետեւորդներու հետ, մեկնեցաւ վեցօրեայ ուխտական ուղեւորութեան մը դէպի երկրին հարաւ արեւելեան ափերը։
Առաջին կայքը եղաւ պատմական Այնթապը, ուր վերջերս Թուրքիոյ Կառավարութեան եւ Եւրոպայի Խորհուրդի համատեղ ջանքերով վերանորոգուած է Հայ Կաթողիկէ համայնքի պատմական եկեղեցին, ծանօթ «Քենտիրլի քիլիսէ» (Պարանաւոր եկեղեցի) կոչումով։ Գերպ. Զէքիեան այցելած էր եկեղեցին 2019 թուականին վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին եւ ստացած՝ մանրամասն տեղեկութիւններ աշխատանքներուն գլխաւոր վերահսկող Ճրտպ. Օնուր Պաշպուղի կողմէ։ Աշխատանքները լրացած են արհեստագիտօրէն բծախնդիր եւ յաջող վերանորոգումով մը, վերադարձնելով եկեղեցիին կառոյցը իր նախկին պայծառութեան։ Կառոյցը սահմանուած է ներկայիս՝ հիւրընկալելու Թուրքիոյ Հնագիտական կեդրոնը։ Դեռ վերանորոգութեան կարօտ կը մնան եկեղեցիին պատերը զարդարող ճոխ ու գեղեցիկ որմնանկարները, վերանորոգութիւն՝ որ կը սպասէ բարերար ձեռքի մը միջամտութեան։
Այնթապէն խումբը ուղղուեցաւ դէպի Եփրատի ափերը, ուր կարելի եղաւ շոգեմակոյկային շրջան մը կատարել երբեմնի ամենայն Հայոց Կաթողիկոսարան Հռոմկլայի մասամբ կանգուն մնացած պատերուն շուրջ։ Առաւօտ Լուսոյի եւ Հայր մերի երգեցողութիւնները ընկերակցեցան մակոյկին ընթացքին, յոյսով՝ հոգեպարար ծիսակատաութեամբ այցելելու Հռոմկլայի ցամաքը, արժանապէս պատուելու համար Ներսէս Շնորհալի մեծ Հայրապետին առ յաւերժութիւն փոխման 850-երորդ ամեակը։
Ուրֆայի ճամբով խումբը ուղղուեցաւ դէպի Տիյարպեքիր, կից՝ պատմական Տիգրանակերտի, ուր կիսաւեր վիճակի վերածուած երբեմնի Հայ կաթողիկէ Ս. Յովսէփ եկեղեցին, վերանորոգուած է Թուրքիոյ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան հոգածութեամբ։ Սեփականութիւնը կը մնայ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին, որուն վերապահուած է իրաւունքը կատարելու սրբազան պաշտամունք։ Մնայուն համայնքի չգոյութեան պատճառով, Վաքըֆներու Տնօրէնութեան հետ փոխհամաձայնութեամբ, եկեղեցիին առօրեայ գործածութիւնը յանձնուած է Տիճլէ (Տիգրիս) Համալսարանին՝ որպէս մշակութային կեդրոն։ Այս համալիրին մէջ, 2 Յուլիս Ուրբաթ կէսօրէ վերջ կայացած է, համագործակցութեամբ՝ Համալսարանին եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին, գիտաժողով մը իբրեւ նիւթ ունենալով՝ «Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ՝ Գիտութիւն, Մշակոյթ, Արուեստ»։ Ներկայացուեցան զեկոյցներ՝ ԺԹ. դարու հայ մտաւորականներու մասին գիտութեան եւ մշակոյթի այլեւեայլ կալուածներուն մէջ, Անգարայի Համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Եըլտըզ Տեվեճի Պոզքուշի կողմէ, Յակոբ Հանտանեանի մասին, գլխաւոր Հիմնադիրը Կայսրութեան մէջ իրաւական բժշկութեան, Տոց. Վետաթ Եըլտըրըմի կողմէ, Կայսրութեան մէջ գործող Հայ դիւանակալներու մասին Ընկերաբան Մեհմետ Շիմշէքի կողմէ։ Օրուան ղեկավարն էր, Մշակութային Կեդրոնին Տնօրէն Պուրաք Քազան։ Բացման խօսքը ուղղեց Համալսարանի փոխ-Ռեկտոր՝ Փրոֆ. Էզելի Ազարքան, իսկ փակման խօսքը ուղղեց Արհի. Գերպ. Զէքիեան։ Յաւարտ գիտաժողովին՝ Տիճլէ Համալսարանի Պետական Երաժշտանոցի գիտահետազօտող Եուսուֆ Ուպեյտուլլահ նուագեց կտորներ Օսմանեան երաժշտութեան Հայ թամպուրահարներու յօրինումներէն։
Յաջորդ օր նախատեսուած Ս. Պատարագը մատուցանեց, մէկ տարի առաջ վերօծուած եւ պաշտամունքին վերաբացուած եկեղեցիին մէջ, Գեր. Տ. Աբրահամ Ծ.Վ. Ֆըրաթ, նկատի առած որ Գերպ. Զէքիեան մեկնեցաւ Անգարա, հրաւիրուած՝ մասնակցելու Հանրապետութեան վերընտիր Նախագահին, Տիար Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, երդման արարողութեան։
Կիրակի 4 Յունիսին խումբը ժամանեց Մարտին, ուր խումբին յարեցան Պոլիսէն ժամանած նոր ուխտաւորներ։ Մարտինի Ս. Յովսէփ եկեղեցին, ամբողջութեամբ վերանորոգուած՝ տեղւոյն համայնքին ջանքերով ու տեղւոյն Վաքըֆին սեփական եկամուտով, վերօծուեցաւ ձերամբ Գերպ. Զէքիեանի, որմէ վերջ մատուցուեցաւ հանդիսաւր Ս. Պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգիստ։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, ընդ որս բազմաթիւ տեղացի ասորիներ, երկիւղածութեամբ մասնակցեցան հոգեպարար արարողութեան։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ, Գերպ, Մարթին Քմեթեց՝ Նախագահ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Համաժողովին, Գերշ. Եպիսկոպոս Փայիսիոս՝ յանուն Բարթողիմէս Ա. Յունաց Պատրիարքին, Տէյր Իւլ Զաֆերանի Առաջնորդ Մար Սալիպա, Քաղդէացի Համայնքին հովիւ Մար Եուսուֆ եւ աւետարանական Համայնքի Հովիւը։
Յաջորդ օր խումբը մէկնեցաւ դէպի Մծբին/Նուսայպին, այցելելով նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ ամենէն աւելի մեծարուող սուրբերէն, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին դամբանը։ Ուշ երեկոյեան Գերպ. Զէքիեան եւ հետեւորդները վերադարձան Պոլիս։
Աղբիւրը`Ակօս
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ