Արցախի Ազգային ժողով Արցախի Ազգային ժողով 

Ստեփանակերտը կ՛ողջունէ ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը` համաձայն 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ անյապաղ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ կիրարկած միջանկեալ միջոցները եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը:

Արցախը կ՛ողջունէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ քանի մը օր առաջ ընդունուած «Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը` համաձայն 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ անյապաղ Մարդու իրաւունքներու  եւրոպական դատարանին կողմէ կիրարկած միջանկեալ միջոցները եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը:

«Ճանչնալով 2020 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ ուժի կիրարկման փաստը` Լաչինի միջանցքի փակման ուղղուած Պաքուի միակողմանի գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտի ամրագրուած իրաւունքներու ոտնահարման, ԵԽԽՎ-ն առաջին անգամ կ՛արձանագրէ Ազրպէյճանի կողմէ Եւրոպական խորհուրդի նկատմամբ իր կանոնադրական պարտաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան անդամակցութեան ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ ստանձնած յանձնառութեան խախտումը», յայտարարած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը կարեւոր կը նկատէ նաեւ վեհաժողովի եզրակացութիւնը, որ Ազրպէյճանի կողմէ ստեղծուած իրավիճակը կրնայ յանգեցնել անոր, որ հայ բնակչութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ լքել իր տուները, եթէ տագնապը չլուծուի քաղաքական ճանապարհով:

«Ամբողջովին կը կիսենք բանաձեւին մէջ արտայայտուած մտահոգութիւնը` ազգութեամբ հայերու նկատմամբ Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ օգտագործուող թշնամական եւ սպառնալից հռետորաբանութեան առնչութեամբ:

Կ՛ընդգծենք միջազգային մեքանիզմներու կիրարկումով Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղ երկխօսութեան սկսելու վերաբերեալ բանաձեւին մէջ հնչեցուած կոչերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, որով նաեւ կը վերահաստատուի Արցախի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով Ազրպէյճանի հետ տագնապի արդարացի, արժանապատիւ եւ համապարփակ լուծում փնտռելու վերաբերեալ:

Արցախէն կոչ կ՛ուղղուի Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին եւ Նախարարներու կոմիտէին անյապաղ արձագանգելու Բերձորի միջանցքի անօրինական փակման անհերքելի փաստերուն եւ հրատապ գործարկելու կազմակերպութեան մեքանիզմները` Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու հետագայ խախտումները կանխելու համար:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2023, 09:13