Պաքուն պաշտօնապէս Երեւանէն պահանջած է Երասխի գործարանի շինարարութիւնը դադրեցնել
Ազրպէյճան պաշտօնապէս դիմած է Հայաստանին` Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան սահմանէն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ` Երասխի մէջ կառուցուող մետաղի ձուլման մեծ գործարանի շինարարութիւնը դադրեցնելու պահանջով: Այս մասին կը հաղորդէ «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան երէկ հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ «Թուրան»-ի հաղորդումով, գործարանի շինարարութեան դադրեցման պահանջով Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարին դիմած է անոր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Մուխթար Պապայեւ:
Ազրպէյճանցի նախարարը նշած է, որ Պաքուն արդէն իսկ «սահմանային ծիրին մէջ շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատման հռչակագիրի ծիրին մէջ պաշտօնական ընթացակարգ նախաձեռնած է:
«Պաքուն կը պահանջէ դադրեցնել գործարանի շինարարութիւնը, մինչեւ յստակացուի ատոր շահագործման հաւանական ազդեցութիւնը շրջակայ միջավայրին վրայ», նշուած է ազրպէյճանցի նախարարի ուղերձին մէջ:
Հայկական կողմը բազմիցս ընդգծած է, որ Երասխի մէջ կառուցուող հայ-ամերիկեան գործարանը ոչ թէ մետաղամշակման համար է, այլ` մետաղի ձուլման, եւ շրջակայ միջավայրին համար որեւէ վտանգ չի ներկայացներ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ