Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակի օրուայ ձեռնակներ Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակի օրուայ ձեռնակներ 

Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակի օրուայ ձեռնակները Լիզպոնի մէջ

Արդէն տարիներ շարունակ այդ ձեռնարկներուն անբաժան մաս կը կազմէ, Կիւլպէնկեան մրցանակի պարգեւատրման արարողութիւնը: «Մարդկութեան համար» մրցանակը, 1 միլիոն եւրօ մրցանակային գումարը 2020 թուականէն սկսած կը շնորհուի այն անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք լուծումներ կը փնտռեն կլիմայի փոփոխութեան մարտահրաւէրները դիմակայելու համար:
Ունկնդրէ լուրը

Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան այս տարի եւս հրաւիրուած էր մասնակցելու Լիզպոնի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան յուլիս 20-ին` յայտնի հայ գործարարի եւ բարեգործի մահուան տարելիցին:

Արդէն տարիներ շարունակ այդ ձեռնարկներուն անբաժան մաս կը կազմէ, Կիւլպէնկեան մրցանակի պարգեւատրման արարողութիւնը: «Մարդկութեան համար» մրցանակը, 1 միլիոն եւրօ մրցանակային գումարը 2020 թուականէն սկսած կը շնորհուի այն անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք լուծումներ կը փնտռեն կլիմայի փոփոխութեան մարտահրաւէրները դիմակայելու համար:

Յուլիս 19-ին կայացած հանդիսաւոր արարողութեան յանձնախումբի նախագահ, Գերմանիոյ նախկին վարչապետ` կանցլեր Անկելա Մերքելը` կենսական էքոհամակարգերը վերականգնման եւ պաշտպանութեան նպաստող լուծումներու համար մրցանակակիր յայտարարեց երեք անձ․ Պանտի «Ապաի Ճանկուտին» համայնքի պետ (Ինտոնեզիա), Սեսիլ Պիպիան Նճէպեթին գործիչ եւ գիւղատնտես (Քամերուն) եւ Լելիա Սալկատոն` բնապահպան, ձեւաւորող, բեմադրող (Պրազիլ):
Յաղթողներու շնորհակալական խօսքէն ետք, բազմաթիւ պատուաւոր հիւրերու ներկայութեամբ, ելոյթ ունեցան Փորթուկալիոյ Նախագահ Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սոզան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի նախագահ Անթոնիօ Ֆեյժոն:Երեկոն եզրափակեց Կիւլպէնկեան նուագախումբին համերգը:

Իսկ յուլիս 20-ի առաւօտեան, Լիզպոնի Igreja de Nossa Senhora do Rosոrio de Fոtima եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ` Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի հոգիի խաղաղութեան համար: Արարողութիւնը աւարտեցաւ Խաժակ Սրբազանի «Հոգւոցն հանգուցելոց…» աղօթքով եւ ելոյթով:

Գովաբանելով Գալուստ Կիւլպէկեանը, որպէս հայազգի փայլուն գործարար եւ եզակի առատաձեռն ու մարդասէր անձ` Սրբազան Հայրը յիշատակեց անոր անթիւ բարեգործական առաքելութիւններէն միայն մի քանի հատը․ Լոնտոնի, Քէնսինկթօնի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրումը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի լայնածաւալ Կիւլպէնկեան գրադարանի ստեղծումը, Պոլսոյ Սբ․ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հիմնումը: Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակ ան զգալի մասնակցութիւն ունեցաւ նաեւ Էջմիածինի Մայր տաճարի վերականգման:
Սրբազանը իր ելոյթին մէջ ընդարձակ անդրադարձ կատարեց բոլորովին այլ ժամանակաշրջանի հայազգի մէկ այլ բացառիկ եւ վառ անհատականութեան Հայոց Հայրապետ, աստուածաբան, քրիստոնէական միասնութեան ռահվիրայ, միջնադարեան երաժշտութեան եւ գրականութեան ակնառու դէմքերէն Սբ․ Ներսէս Շնորհալիի կեանքին եւ գործունէութեան:

Սրբազանի համոզմամբ այսօր ալ դիւանագիտութիւնը կրնայ ուղղորդուիլ Ս․ Ներսէսի եւ Կիւլպէնկեանի մարդասիրական եւ խաղաղասիրական մօտեցումով այժմեայ խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն առերեսուելու համար: Երկուքին գործունէութիւնն ալ կրնան կենարար օրինակ ծառայել ինչպէս քրիստոնէական միասնութեան որոնման, այնպէս ալ մեր ժամանակակից աշխարհը աղաւաղող կրօնական եւ բարոյական բնոյթի բախումներու վերացման ճանապարհին:

Առիթէն օգտուելով, ան համառօտ ներկայացուց Սբ․ Ներսէս Շնորհալիի այս յոբելեանական տարուան նուիրուած Վատիկանի մէջ կայանալիք տօնակատարութիւններու ծրագիրը: Ան առանձին կերպով ներկայացուց Հայոց Հայրապետի քրիստոնէական երկխօսութեան գաղափարի երեք յենակէտերը «Սիւները», այն է Միասնութիւն, Մարդասիրութիւն եւ Շնորհ, որոնք հիմք կը հանդիսանան Շնորհալիի ոգեկոչման ձեռնարկներուն համար, նշելով, որ այդ նոյն սկզբունքները կեդրոնական դարձան նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մարդասէրի եւ բարերարի, ամբողջ ստեղծարար կեանքին ընթացքին:

Եկեղեցական արարողութենէն առաջ Սրբազան Հայրը այցելեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի գրասենեակը, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Անթոնիօ Ֆեյժոյի եւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի այլ անդամներու հետ: Ապա առանձին զրոյց ունեցաւ Կիւլպէնկեան ընտանիքի ներկայացուցիչ ու հաստատութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի մշտական անդամ Մարտին Եսայեանի եւ հիմնադրամի հայկական բաժինի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի հետ:

Յուլիս 19-ի երեկոյեան, Խաժակ Սրբազանի այցելութեան առիթով, Ռազմիկ Փանոսեանի հրաւէրով, ընթրիք տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հայկական Արարատ ճաշարանին մէջ, որուն մասնակցեցան տեղի հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2023, 08:38