Ժենին Ժենին  (AFP or licensors)

Իսրայէլեան բանակը 2-րդ օրն ըլլալով շարունակեց Ժենինի վրայ իր յարձակումը. Պաղեստինցիք կը շարունակեն դիմադրել

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը մէկ զինուորական գործողութեամբ պիտի չաւարտի, եւ մտադիր ենք Ժենինի մէջ գործողութիւնը շարունակել, մինչեւ որ անոր բոլոր նպատակները իրագործուին»

Իսրայէլեան բանակը 2-րդ օրն ըլլալով շարունակեց Այսրյորդանանի Ժենին քաղաքի եւ անոր գաղթակայանին վրայ իր յարձակումը, իսկ պաղեստինեան դիմադրութիւնը շարունակեց ականներ պայթեցնելով եւ զինեալ բախումով դէմ դնել յարձակումին:

Իսլամական Ժիհատ կազմակերպութեան զինեալ թեւ «Սարայա Քուտս»-ի Ժենինի ջոկատը յայտարարեց, որ իր զինեալները վար առած են գաղթակայանին վերեւ թռիչք կատարող իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը` վար առնուած սարքերուն թիւը բարձրացնելով 4-ի:

Անոնք նաեւ իսրայէլացի զինուորներու դէմ ականներ պայթեցուցած են:

Մինչ իսրայէլեան բանակը իր կրած վնասներուն մասին լուռ կը մնայ, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցը հաղորդեց, որ բախումներու ընթացքին շարք մը իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուած են:

Մասնաւորաբար բուռն եղած են անցեալ գիշեր տեղի ունեցած բախումները, որոնց պատճառով իսրայէլեան բանակը յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Ժենին:

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը մէկ զինուորական գործողութեամբ պիտի չաւարտի, եւ մտադիր ենք Ժենինի մէջ գործողութիւնը շարունակել, մինչեւ որ անոր բոլոր նպատակները իրագործուին»:

Աղբիւրը՝ Ազդկակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2023, 09:30