Ցոյց Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան շէնքին առջեւ Ցոյց Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան շէնքին առջեւ 

«Կանխէք ցեղասպանութիւնն Արցախում» Կարգախօսով ցոյց՝ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան շէնքին առջեւ

Ցոյցին մասնակցողները Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան մօտ եկան ՄԱԿի գրասենեակէն: Երկրորդ օրն է, որ անոնք ուտելիք, դեղորայք ու այլ անհրաժեշտ ապրանքներ կը հաւաքեն՝ պահանջելով, որ ՄԱԿը եւ այլ կառոյցներ օգնութիւնը տեղափոխեն Արցախ:

«Կանխէք ցեղասպանութիւնն Արցախում», «Բացէք կեանքի ճանապարհը», «Փրկէք Արցախի ժողովրդավարութիւնն Ալիեւի բռնապետութիւնից» կարգախօսներով քաղաքացիներ 20 Յուլիսին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան շէնքին առջեւ հաւաքուեցան՝ պահանջելով հանդիպում պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

«Մենք այստեղ ենք՝ խնդրելու, պահանջելու, յորդորելու, որպէսզի Եւրոպական Միութիւնը բոլոր ջանքերը գործադրի, գործուն ազդեցութիւն ունենայ ճանապարհի բացման համար», ըսաւ ցոյցին մասնակցողներէն մէկը:

Անոնք անգամ մը եւս Եւրոպական Միութեան յիշեցուցին, որ Արցախի շուրջ 120 հազար բնակչութիւնը 7 ամիսէ ի վեր շրջափակման մէջ է, իսկ առաւել քան 1 ամիս  ամբողջական պաշարման մէջ է՝ սովի սպառնալիքին դէմ յանդիման:

«Յարգարժա՛ն Եւրամիութիւն, դուք եղել էք, եկել էք դիտարկե՞լ ցեղասպանութիւնը, դուք եկել էք դիտարկե՞լ, թէ ինչպէս են երեխաները մահանում, որովհետեւ մայրը չի կարողանում տեղին ու ժամանակին սնունդը գտնի իրենց, դուք եկել էք դիտարկելո՞ւ, թէ ինչպէս են 30 հազար երեխաներ կիսաքաղց ապրում», հարցուց «Ընդդէմ իրաւական կամայականութիւնների» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Լարիսա Ալավերդեան:

Լաչինի միջանցքը բանալու համար անհրաժեշտ քայլերուն կարգին Ալավերդեան անհրաժեշտ նկատեց Ալիեւի վարչակազմին նկատմամբ պատժամիջոցներու սահմանումը:

«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ ցարդ, սակայն, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը եւ թէ Միացեալ Նահանգները, մատնացոյց ընելով ընթացող բանակցութիւնները, յայտարարած են, որ Պաքուի նկատմամբ պատժամիջոցներու հարց չեն դիտարկեր:

Քաղաքացիները յայտարարեցին, որ, երբ հազարաւոր արցախցիներ սովի վտանգին դէմ յանդիման կանգնած են, Եւրոպա լուռ կը հետեւի Արցախի պաշարման եւ Պաքուի՝ արցախցիները ցեղասպանելու փորձերուն:

Պատուիրակութեան ներկայացուցիչներէն մէկը ճաղերուն միւս կողմէն լսեց ցուցարարները եւ յայտնեց, որ ներկայ դրութեամբ չեն կրնար զիրենք ընդունիլ:   Ցուցարարները անոր յանձնեցին իրենց նամակը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Աղդամի ճամբան չի կրնար այլընտրանք ըլլալ Լաչինի միջանցքին: Հաւաքուածները ընդգծեցին, որ Արցախը պաշարած, սովի սպառնալիքի առջեւ կանգնեցուցած Ատրպէյճանէն մարդասիրական օգնութիւն չեն ակնկալեր, այլ իրենց իրաւունքներու վերականգնումը կը պահանջեն:

Ցոյցին մասնակցողները Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան մօտ եկան ՄԱԿի գրասենեակէն: Երկրորդ օրն է, որ անոնք ուտելիք, դեղորայք ու այլ անհրաժեշտ ապրանքներ կը հաւաքեն՝ պահանջելով, որ ՄԱԿը եւ այլ կառոյցներ օգնութիւնը տեղափոխեն Արցախ: «Եւրամիութիւնը կարող են հնարաւոր դարձնել այս պարէնի տեղափոխումը եւ տեղ հասցնելը Ստեփանակերտ մեր հայրենակիցներին», ըսաւ «Բացում» նախաձեռնութեան համակիր Սեդա Գրիգորեան:

Ցուցարառներէն մէկը առաւել քան 90 պարկ ալիւր բերած էր ՄԱԿի գրասենեակին մօտ, որովհետեւ ալիւրը եւս Արցախի մէջ սպառման եզրին է:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2023, 09:50