Եւրոպական դատարանը Եւրոպական դատարանը 

ՄԻԵԴը դարձեալ պարտադրեց Ատրպէյճանին` ապահովելու ծանր հիւանդներու փոխադրութիւնը Լաչինի միջանցքով

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) դարձեալ պարտաւորեցուց Ատրպէյճանը՝ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցներու` ապահովելու «Լաչինի միջանցքով» Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդ անձերու տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ ճամբան անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերու ապահով տեղափոխութիւնը։

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) դարձեալ պարտաւորեցուց Ատրպէյճանը՝ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցներու` ապահովելու «Լաչինի միջանցքով» Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդ անձերու տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ ճամբան անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերու ապահով տեղափոխութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Միջագային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչին գրասենեակը, ըստ որուն, դատարանը այս ձեւով վերահաստատեց  21 Դեկտեմբեր 2022ին տուած որոշումը` ուսումնասիրելով Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու գծով Ատրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոցներ կիրարկելու Հայաստանի պահանջը: Որոշումը պէտք է պարտադիր կատարուի Ատրպէյճանի կողմէ:

«Թուիթըր»ի իր էջին ընդմէջէն այս լուրին հակազդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան՝ ըեսլով. «Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմից Լաչինի միջանցքը բացելու պահանջը վերահաստատելուց յետոյ, Մարդու իրաւունքների միջազգային դատարանը որոշեց` իր 2022 թուականի Դեկտեմբերի 21ի որոշումը մնում է ուժի մէջ, եւ Ադրբեջանը պէտք է ձեռնարկի իր իրաւասութեան տակ եղած բոլոր միջոցները միջանցքով անվտանգ անցումն ապահովելու համար: Այլ միջազգային դերակատարները եւս պէտք է հետեւեն այս գծին»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2023, 08:56