Որոնել

2023.08.15 Consiglio delle Chiese del Medio Oriente  Allegati

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը կոչ կ՛ընէ դադրեցնելու Արցախի շրջափակումը

ժողովուրդին դիմագրաւած մարդասիրական տագնապին առնչուած զանազան երեւոյթներուն ու հետեւանքներուն, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը անընդունելի կը նկատէ Բերձորի (Լաչին) միջանցքին փակումը` զայն նկատելով մարդկային ոճիր եւ հակառակ միջազգային օրէնքին

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը (ՄԱԵԽ) «Արցախի 120.000 բնակիչները մարդասիրական տագնապի մէջ են» վերնագիրով յայտարարութիւն մը կատարեց` կոչ ուղղելով միջազգային համայնքին եւ յատկապէս Ազրպէյճանին անյապաղ վերջ տալու Արցախի շրջափակումին: Նոյն կոչին մէջ, անդրադարձ կատարելէ ետք Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած մարդասիրական տագնապին առնչուած զանազան երեւոյթներուն ու հետեւանքներուն, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը անընդունելի կը նկատէ Բերձորի (Լաչին) միջանցքին փակումը` զայն նկատելով մարդկային ոճիր եւ հակառակ միջազգային օրէնքին: Ներկայ պայմաններուն մէջ, խորհուրդը ընկերային ցանցերը ազդու միջոց կը նկատէ աշխարհին ուշադրութեան յանձնելու Արցախի տագնապը, նկատի ունենալով Ազրպէյճանի շարունակուող անտարբերութիւնը` միջազգային իրաւական եւ քաղաքական կառոյցներու կոչին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2023, 09:19