Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը կոչ կ՛ընէ դադրեցնելու Արցախի շրջափակումը
Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը (ՄԱԵԽ) «Արցախի 120.000 բնակիչները մարդասիրական տագնապի մէջ են» վերնագիրով յայտարարութիւն մը կատարեց` կոչ ուղղելով միջազգային համայնքին եւ յատկապէս Ազրպէյճանին անյապաղ վերջ տալու Արցախի շրջափակումին: Նոյն կոչին մէջ, անդրադարձ կատարելէ ետք Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած մարդասիրական տագնապին առնչուած զանազան երեւոյթներուն ու հետեւանքներուն, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը անընդունելի կը նկատէ Բերձորի (Լաչին) միջանցքին փակումը` զայն նկատելով մարդկային ոճիր եւ հակառակ միջազգային օրէնքին: Ներկայ պայմաններուն մէջ, խորհուրդը ընկերային ցանցերը ազդու միջոց կը նկատէ աշխարհին ուշադրութեան յանձնելու Արցախի տագնապը, նկատի ունենալով Ազրպէյճանի շարունակուող անտարբերութիւնը` միջազգային իրաւական եւ քաղաքական կառոյցներու կոչին:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ