UN Security Council debate on role of women in conflict prevention

Հայաստան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին դիմած է Բերձորի Միջանցքի շրջափակման հարցով հրատապ նիստ գումարելու խնդրանքով

«Ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը կը խնդրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` իբրեւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար պատասխանատու գլխաւոր մարմինի միջամտութիւնը` կանխարգիլելու զանգուածային վայրագութիւնները, ներառեալ նաեւ զինուորաան յանցագործութիւնները, ցեղային զտումները, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները եւ ցեղասպանութիւնը»

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 11 օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմում ներկայացուցած է` խնդրելով Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարել` Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակման եւ ատոր պատճառով մարդասիրական կացութեան վատթարացման հարցով: Այս մասին նշուած է ՄԱԿ-ի «Էքս»-ի (նախապէս` «Թուիթըր») պաշտօնական միքրոպլոկին վրայ:

Հրապարակման կից ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի դիմումը, որուն մէջ նշուած է.

«Ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը կը խնդրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` իբրեւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար պատասխանատու գլխաւոր մարմինի միջամտութիւնը` կանխարգիլելու զանգուածային վայրագութիւնները, ներառեալ նաեւ զինուորաան յանցագործութիւնները, ցեղային զտումները, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները եւ ցեղասպանութիւնը»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2023, 08:10